ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով, Հայաստանին 600,000 տոլար յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրի COVID-19 տարբերակին պատճառած համաճարակին դէմ:
Ըստ Միացեալ ՆահանգներուՄիջազգային զարգացման ծրագիրի գրասենեակին՝ տրամադրուած միջոցները վերջերս յայտարարուած 1․1 միլիոն տոլարի աջակցութեան կողքին պիտի օգտագործուին տարրալուծարանային համակարգերու պատրաստման, նոր պարագաներու յայտնաբերման եւ արձանագրուած պարագաներու վերահսկողութեան, մասնագէտներու կարողութիւնները զարգացնելու եւ խթանելու նպատակով: