ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Պի.Սի.»․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն ծանր հարուած ստացած Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը վերաբանալու Սպիտակ տան ծրագիրը 16 Ապրիլին ներկացուեցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ, որ ընդունեց, որ վերջնական որոշումները կը պատկանին նահանգապետներուն, հակառակ անոր, որ շաբաթուան սկիզբը ան պնդած էր, որ ամբողջական իրաւասութիւն ունի տնտեսութիւնը վերաբանալու։
Երեք հանգրուաններէ կազմուած ուղեցոյցնին առաջին փուլին կը ծրագրուի կարելի եղածին չափ շարունակել տունէն աշխատիլը: Որոշ գործարարութիւններ, ներառեալ՝ ճաշարանները վերաբանալ՝ խստօրէն պահպանելով իրարմէ հեռու մնալու պայմանները: Այս հանգրուանին իրենց տուներէն պէտք չէ հեռանան տարեցները եւ առողջական այլ հարցեր ունեցողները:
Երկրորդ փուլին, երբ բաւարար փաստեր կան, որ ժահրին տարածումը զսպուած է, աշխատաւորները կրնան սկսիլ ազատօրէն երթեւեկել, դպրոցները, ուսումնական հաստատութիւնները, եկեղեցիները եւ կազմակերական այլ գործութիւններ կրնան աստիճանաբար բնականոն գործունէութեան վերադառնալ:
Երրորդ հանգրուանին, երբ վաչակման զգալի նահանջ արձանագրուած է, պիտի վերցուին մնացեալ սահմանափակումները, սակայն միշտ զգուշութեամբ:
Նշենք, որ նոյն oրն իսկ հիւսիս-արեւելեան 7 նահանգներ, ներառեալ՝ Նիւ Եորք, յայտարարեցին, որ սահմանափակումները պիտի երկարաձգուին առնուազն մինչեւ 15 Մայիս:
Ըստ Ուրբաթ օրուան տուեալներուն՝ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 2․25 միլիոնի, որոնցմէ առաւել քան 560,000ը արդէն առողջացած են։ Մահացած են մօտաւորապէս 150,000 ուրիշներ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած են վարակման առնուազն 690,000 պարագաներ եւ մահացած են մօտաւորապէս 36,000 անձեր։ Ցարդ երկրին տարածքին կատարուած են 3․5 միլիոն աձերու քննութիւններ, այսինքն՝ ընդհանուր բնակչութեան միայն 1 տոկոսին։
Ըստ Համաշխարհային Առողջապահութեան կազմակերպութեան՝ վարակուածներուն մօտաւորապէս 50 տոկոսը Եւրոպայի մէջ կը գտնուի, յատկապէս՝ Սպանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Բացի Ֆրանսայէն, միւս երեք երկիրները սկսած են մեղմացնել համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով որդեգրուած խիստ սահմանափակումները, մինչ Համաշխարհային Առողջապահութեան կազմակերպութիւնը կը յորդորէ չշտապել: Բրիտանիոյ մէջ վարակումներուն եւ մահերուն թիւը կը շարունակէ աճիլ, հասնելով յաջորդաբար 110,000ի եւ 14,576ի, որուն հետեւանքով կառավարութիւնը 3 շաբաթով երկարաձգեց շրջագայութեան սահմանափակումները։
Վերջապէս, մինչ Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ կը հետապնդուին այն պնդումները, թէ ժահրը կրնայ չինական տարրալուծարանէ մը սպրդած ըլլալ՝ Չինաստան յայտարարեց, որ Ուոհան քաղաքին մէջ, ուր սկսած էր ժահրին տարածումը, ժահրէն մահացածներուն թիւը 3869 է, նախապէս հաղորդուած 2579ին փոխարէն։