Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը Մարտ ամսուան կէսէն ի վեր կը հետեւի «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) զգուշացման միջոցառումերուն: Ուստի, հետեւելով երկրին, նահանգին եւ տեղական պատկան իշխանութիւններուն, առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ կառավարութեան տնօրինած օրէնքներուն՝ վարչութիւնս դադրեցուց բոլոր սկաուտական, մարզական (փորձերն ու մրցումերը) եւ մշակութային յայտագիրերն ու աշխատանքները:
Վարչութիւններուն թելադրեց փակել իրենց կեդրոնները եւ դադրեցնել մասնաճիւղի մրցումները, սկաուտական աշխատանքներն ու բանակումները: Ինչպէս արդէն տեղեակ էք՝ ՔԱՀԱՄի 36րդ մարզախաղերու աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը տեղի չունեցան:
44 տարիներ շարունակ, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը մեծ ոգեւորութեամբ տեղի կ՛ունեան 4 Յուլիսի շաբաթավերջին եւ դարձած են գաղութիս մեծագոյն նախաձեռնութիւնը, համախմբելով հազարաւոր հայորդիներ:
Այսօր, բոլորս կը պայքարինք «Քորոնա» ժահրին դէմ, որուն համաճարակի կացութիւնը մեզ հասցուց լուրջ տագնապի եւ անորոշութեան: Վարչութիւնս Նաւասարդեան կազմակերպիչ յանձնախումբէն խնդրեց պատրաստել ծրագիր մը: Սակայն, ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, չենք գիտեր թէ ե՛րբ պիտի կարենանք վերադառնալ մեր սովորական կեանքին եւ աշխատանքներուն, թէ ի՛նչ առողջապահական եւ ապահով պայմաններ պիտի ստեղծուին. կարելի պիտի չըլլայ կազմակերպել Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերն ու ձառատօնը:
Ուստի, վարչութիւնս պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ 2020ին Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը, Յաղթանակի պարահանդէսը եւ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի չունենան:
Միութիւնս այսօր, առաւել եւս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ յիշեալ քայլերով իր մասնակցութիւնը բերելով մեր օրերու համաշխարհային մեծագոյն տագնապին դիմագրաւման: Վարչութիւնս կը յուսայ, որ դարձեալ պիտի կարենանք հանդիպիլ եւ շարունակել ծառայել ու ծաղկեցնել մեր կազմակերպութիւնը:
ՀՄԸՄական ջերմ բարեւներով,
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութիւն
Թիւ մէկ, հարցում մը: Ի՞նչ ըսել է ձառատօն: իմ ունեցած բառարանիս մէջը ասանկ բառ մը չիգտայ: Թիւ երկու, երանի ՀՄԸՄը ուրիշ տեսակ գործ մը ընէ աս օրերուն եւ իր պարտականութիւնը հասցնէ պատանիներուն: Մարզական բաները ինդրնեթով չըլլար, գիտենք, բայց կրնան տեսակ մը զարգացումի ձեւեր գտնել ինդրնեդով եւ տունը նստողներուն օգտակար սբաղում տալ: Դպրոցները իրենց գործը ասանկ կընեն հիմա, ՀՄԸՄէ կրնայ անոր պէս ձեւեր գտնել: Մարդիկը միան պարահանդէսի եւ ֆեստիւալի երթալով չէ որ դրամական օգնութիւն պէտք է տան ՀՄԸՄի պէս միութիւններուն, ասանկ գործի համար ալ մեր բարերարները պէտք է ձեռքերնին գրպանին դնեն: