ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 13 Ապրիլին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը քննչական բաժանմունքին մէջ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ մեղադրանք առաջադրեց Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանին նկատմամբ:
Ան կը մեղադրուի առանձնապէս մեծ չափի խարդախութեան եւ դրամիլուացման մէջ։ Մեղադրանքը կապ ունի տարիներ առաջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած Կիպրոսի օֆշորային գայթակղութեան հետ, որուն կիզակէտը կը հանդիսանան նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ նոյնինքն Կճոյեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեց հանրութեան, նաեւ պաշտօնատար անձերու եւ լրատուամիջոցներուն՝ յարգելու Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի` օրէնսդրութեամբ երաշխաւորուած անմեղութեան կանխավարկածը եւ ձեռնպահ մնալու անհարկի եւ շտապողական մեկնաբանութիւններէ ու անհիմն գնահատականներէ։
Անոր փաստաբանը՝ Յովիկ Արսէնեան եւս յայտարարեց, որ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդը չ՛ընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը՝ զայն նկատելով երեւակայութեան արդիւնք: «Լինի քննիչ, լինի դատախազ, լինի պաշտօնատար անձ, ով ուզում է լինի, թող ներկայացնի գէթ մի ապացոյց, փաստ, համարձակուեն ընդամէնը յայտարարել, որ սրբազանին առաջարկուել է գոնէ մէկ լումայ այդ գումարից կամ տրուել է նրան գոնէ մէկ լումայ», յայտարարեց փաստաբան Յովիկ Արսէնեան: