ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Տէյվիտսըն լերան խաչ-յուշակոթողի պահպանման պարտականութիւնը ստանձնած Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդը (ՀՔԱԿԽ) կը տեղեկացնէ, թէ Ս․ Զատուակ նախատօնակին, Տէյվիտսըն Լերան խաչը լուսաւորուեցաւ կապոյտ լոյսով՝ ի պատիւ առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողներուն եւ բժիշկներուն, որոնք արաջին ճակատի վրայ՝ կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ, որուն հետեւանքով այս տարի, 1923էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Տէյվիտսըն Լերան խաչին դիմաց Զատկուան արարողութիւններ տեղի չունեցան։
Նշենք, որ ՀՔԱԿԽի խնամակալ յանձնախումբը կազմուած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայքի հայկական եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներով: Յուլիս 1997էն ի վեր հայութեան պատկանող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Տէյվիտսըն լերան պատմական եւ 103 ոտք բարձրութեամբ խաչ-յուշակոթողին առջեւ ամէն տարի տեղի կ՛ունենան Զատկուան եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած արարողութիւններ: