ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Իսրայէլի նախագահ Ռիւվեն Ռիվլին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք․ Մանուկեանի հետ եւ շնորհաւորեց Սուրբ Յարութեան տօնը: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ․ Պաղտասարեան այս մասին կը գրէ հետեւեալը․ «13 Ապրիլին, իսրայէլեան կողմին նախաձեռնութեամբ՝ հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի նախագահին եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքին միջեւ: Նախագահ Ռիվլին շնորհաւորեց պատրիարք սրբազանը՝ Զատիկի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց իրաւատէր երեք համայնքներուն կողմէ իրեն ուղղուած Ս․ Յարութեան տաճարը բանալու եւ Աւագ Շաբաթուան արարողութիւններուն վերաբերող հարցեր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.