ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Այսօր տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամետեարով քննարկեցին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով ձեռնարկուող միջոցառումները, հաղորդեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Նախարարները քննարկեցին նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած քայլերը», կը նշուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: