ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ»․- Ռիատի եւ Մոսկուայի միջեւ ծագած քարիւղի պատերազմին վերջ մը դնելով՝ քարիւղ արտադրող երկիրները Կիրակի օր գոյացուցին արտադրութիւնները մօտաւորապէս 10 տոկոսով նուազեցնելու համաձայնութիւն մը, որ ի զօրու պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 2022:
Չորսօրեայ թէժ բանակցութիւններէ ետք, աշխարհի տարածքին քարիւղի մեծագոյն պաշարները տնօրինող պետութիւնները դիմեցին այս քայլին՝ յուսալով քարիւղի գինը բարձրացնել, սակայն նկատի ունենելաով այն իրողութիւնը, որ քարիւղի պահանջը մօտաւորապէս 30 տոկոսով նուազած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, Երկուշաբթի օրուան տուեալներով, քարիւղին գինը միայն 1 տոկոսով աճած է։