ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը 13 Ապրիլին գումարած իր արտակարգ նիստին որոշեց hանրապետութեան մէջ 16 Մարտ 2020ին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 14 Ապրիլ 2020էն երկարաձգել 30 օրով` մինչեւ 14 Մայիս 2020:
Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան նշեց, որ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու անշարժ եւ շարժական գոյքը կամ անոր մէկ մասը կարելի է օգտագործել արտակարգ դրութեան իրաւական դրութեան ապահովման նպատակով:
13 Ապրիլէն սկսեալ կ՛արտօնուին նաեւ տնտեսական գործունէութեան որոշ տեսակներ։
Բացի այդ, միայն 14 Ապրիլին պիտի թոյլատրուի մարդոց տեղաշարժը՝ մնայուն բնակութեան կամ իրենց նախընտրութեամբ պարտադիր ինքնամեկուսացման վայրը մեկնելու կամ վերադառնալու նպատակով: