ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախագահեց «Քորոնա» վարակի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստին, որուն ներկայ էին հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչները:
Նախագահ Սահակեան ուղերձով դիմեց հանրապետութեան քաղաքացիներուն եւ տեղեկացուց, որ ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն, «Քորոնա»ի տարածման կանխարգիլման եւ այս համաճարակին սպառնալիքէն բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով, Արցախի Հանրապետութեան մէջ մինչեւ 12 Մայիս արտակարգ իրավիճակ կը յայտարարուի։
Մինչ այդ, Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արցախի մէջ «Քորոնա»ի նոր քննութիւններ չեն կատարուիր. 13 Ապրիլի դրութեամբ՝ արձանագրուած են վարակման 6 պարագաներ:
Ըստ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրին` վերջերս վարակի արձանագրուած պարագաները անհրաժեշտութիւն յառաջացուցած են նոր լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու եւ միջոցառումներ իրականցնելու, ներառեալ` 14 Ապրիլին, նախագահական ընտրութիւններու (երկրորդ փուլի- Խմբ.) իրականացման ընթացքին:
Արցախի տեղեկատուական շտապը յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին կազմակերպչական աշխատանքներուն ծիրին մէջ բոլոր ընտրական տեղամասերը պիտի հականեխուին։ «Յանձնաժողովի անդամների շրջանում ձեռնարկուել են սանլուսաւորչական աշխատանքներ` անհատական պաշտպանիչ միջոցների ճիշդ օգտագործման ու անձնական հիգիենայի (մաքրասիրութեան-Խմբ.) կանոնների պահպանման ուղղութեամբ», տեղեկացուց շտապը:
Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմական բժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեան տեղեկացուց, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին մէջ, «Քորոնա» ժահրի պարագայ չկայ: «Պաշտպանութեան բանակում իրավիճակը վերահսկելի է, հանգիստ է, այնտեղ մենք խնդիր չունենք», շեշտեց Օհանեան: