ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 13 Ապրիլին Հայաստանի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա»ով վարակուածներու 26 նոր պարագաներ, առողջացած են 14 քաղաքացիներ։ Այս մասին յայտնեց Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը:
Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած պաչագաներուն թիւը հասաւ 1039ի: Առողջացածներուն ընդհանուր թիւը 211 է, մահացածներունը՝ 14, իսկ բուժուողներունը` 814: