ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ հաստատուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը, 9 Ապրիլի դրութեամբ, 921 է՝ 28 նոր պարագաներով: Ապաքինած է 24 հոգի՝ բուժուածներուն թիւը հասցնելով 138ի:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այդ մասին գրած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:
9 Ապրիլի դրութեամբ` արձանագրուած է նաեւ մահուան 1 նոր պարագայ՝ 80ամեայ վարակակիր մը, որ ծանր աստիճանի թոքաբորբ եւ այլ հիւանդութիւններ ունէր։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքէն կը տեղեկանանք, որ կատարուած 4902 քննութիւններ բացասական արդիւնք տուած են։
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն կրկնապատկման շրջանակը (սայքըլ) կը մօտենայ 10 օրուան:
«Եթէ այս տեմպը (կշռոյթը-Խմբ.) պահպանուի, ապա մենք Ապրիլի 19ին կ՛ունենանք մօտ 1800 դէպք, իսկ Ապրիլի 29ին` 3600 դէպք: Դրականն այն է, որ վերջին 5 օրերի աճի տեմպն աւելի դանդաղ է, քան հաւաքական վերցրած վերջին 10 օրերինը: Բացասականն այն է, որ այս փոքրիկ եւ յարաբերական «ձեռքբերումը» կարող է յօդս ցնդել, եթէ մենք «թուլանանք» եւ կրկին վերադառնանք մեր առօրեայ կեանքին` չպահպանելով հիւանդութեան տարածումը կանխող կանոնները», «Ֆէյսպուք»ի վրայ գրած է նախարար Արսէն Թորոսեան: