ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 7 Ապրիլ 2020ին տեղի ունեցաւ Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հերթական նիստը` յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի նախագահութեամբ:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց 31 Մարտ 2020ին իրկնացած Արցախի նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններուն արդիւնքները ու անոր վերաբերեալ որոշում տուաւ առ այն, որ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:
Նիստին որոշուեցաւ 14 Ապրիլ 2020ին կատարել Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը, որուն նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի սկսի 9 Ապրիլին։
Քննարկուեցան նաեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները:Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը բաշխեց Ազգային ժողովի նորընտիր պատգամաւորներուն աթոռները:
Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 120րդ յօդուածի առաջին մասի առաջին կէտին համաձայն` Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որոշեց 31 Մարտ 2020ի համապետական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ Ազգային ժողովը նկատել ընտրուած:
Ազգային ժողովի պատգամաւորական աթոռները բաշխուեցան հետեւեալ պատկերով՝ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցանկ` 16 աթոռ, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան ընտրական ցանկ` 9 աթոռ, «Արցախի Արդարութիւն» կուսակցութեան ընտրական ցանկ` 3 աթոռ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ընտրական ցանկ` 3 աթոռ, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական ցանկ` 2 աթոռ: