Ամերիկեան Օժանդակութենէն Յաւելեալ Բաժին՝ Հայաստանին. Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի Գրասենեակը Անցած Է Գործի
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տեղեկատուութեան պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլճեան «Երկիրն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին փոխանցեց մանրամասնութիւններ համաճարակին դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու՝ Հայաստանին տրամադրելիք օժանդակութեան, այդ ուղղութեամբ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ տարուող աշխատանքին եւ այլ հարցերու մասին: