ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը 2 Ապրիլին 24 ընտանիքներու ուտելիք բաժնեց:
Ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ երկու նուիրատուներու, որոնք ստանձնած են անհրաժեշտ ուտելիքի ծրարները պատրաստելու ծախսերը:
Մարդկային կուտակումներէ խուսափելու համար, Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը ինք կազմակերպեց ուտելիքը կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները հասցնելու գործընթացը:
«Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձ ընտանիքներէ ստացանք հեռաձայննե եւ իմացանք, թէ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ստեղծուած պայմաններուն մէջ նեղ կացութեան մէջ են անոնք: Անոնց մէկ մասը նոր հաստատուած է Հայաստան եւ աշխատանքի հարց ունի, մէկ մասն ալ, տեղւոյն օրէնքներուն եւ պետութեան տրամադրած օժանդակութեան ծրագիրներէն օգտուելու միջոցներուն անծանօթ՝ դիմեցին մեր գրասենեակը: Շնորհիւ մեր զոյգ նուիրատուներուն՝ կարելի եղաւ անմիջականօրէն արձագանգել թէ՛ հայրենադարձ, թէ՛ կարիքաւոր այլ ընտանիքներու», յայտնեց Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի գործավար Արազ Գայմագամեան:
«Այս աշխատանքը մեր գրասենեակի առաքելութեան մաս չի կազմեր, բայց քանի մը նուիրատուներ եւս մեզի յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու կարիքաւոր ընտանիքներուն: Եթէ նուիրատուութիւններ կատարուին, մեր ուղեկից միութիւններուն հետ գործակցաբար՝ պիտի փորձենք նեցուկ կանգնիլ կարիքաւոր ընտանիքներուն` տեսախցիկներէ նոյնքան հեռու, որքան այս անգամ», ըսաւ յանձնախումբին ատենապետը՝ Սիմոն Գաֆալեան: