ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտօնական տեղեկատուական հարթակներուն տարածած տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իբր թէ, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ատրպէյճանական գիւղերու, դիրքերու, փոխադրամիջոցներու եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող Արցախի քաղաքացիներու ուղղութեամբ:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«Ադրբեջանական պաշտօնական տեղեկատուական հարթակները տարածում են սահմանապահ ծառայութեան բացարձակապէս կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւնները սահմանին տիրող իրավիճակի մասին: ՊՍԾն Ապրիլի 1ին, ապա նաեւ Ապրիլի 3ին նոյնաբովանդակ անհիմն տեղեկութիւններ է տարածել, թէ, իբր, հայկական զինուած ուժերի ստորաբաժանումները կրակ են բացել ադրբեջանական գիւղերի, դիրքերի, տրանսպորտային միջոցների եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող ԱՀ քաղաքացիների ուղղութեամբ», կը յայտնէ Ստեփանեան:
Ան դիտել կու տայ, որ այսպիսով, ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ քօղարկել իր գործողութիւնները, որոնց նպատակն է ապակայունացնել իրավիճակը սահմանին վրայ։ Նման բովանդակութեամբ տեղեկատուական նախապատրաստական աշխատանք տարուած էր նաեւ 30 Մարտին չյաջողած հետախուզական-ներթափանցման փորձէն առաջ:
«Վերահաստատում ենք, որ հայ-ադրբեջանական սահմանին իրավիճակը հանգիստ է: Հայաստանի զինուած ուժերը դիմելու են միայն համարժէք քայլերի», կը գրէ Շուշան Ստեփանեան: