ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ գործող «Ֆորում 18» կազմակերպութեան լուրերու ծառայութիւնը 25 Մարտ 2020ին հրապարակեց դոկտոր Մինէ Եըլտըրըմի ծաւալուն յօդուածը՝ բացատրելով Թուրքիոյ կառավարութեան միջամտութիւնը Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան, հակառակ Սահմանադրական դատարանի որոշումին՝ ըստ որուն կառավարութեան միջամտութիւնը «ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ անհրաժեշտ օրէնքով նախատեսուած չէ եղած»:
Երկու պոլսահայեր՝ Լեւոն Պերճ Քուզուքօղլու եւ Օհաննէս Կարպիս Պալմումճեան, նախ հայց ներկայացուցած էին Վարչական դատարանին, 27 Մարտ 2012ին: Դատարանը մերժեց դիմումը՝ յայտարարելով, որ պատրիարքի ընտրութիւնը կրնայ միայն տեղի ունենալ մահաքունի մէջ գտնուող պատրիարքի մահէն կամ պաշտօնազուրկ ըլլալէն ետք, հակառակ անոր որ 1863ի օսմանեան ժամանակաշրջանի կանոններով՝ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը կրնայ տեղի ունենալ «պատրիարքի մահուան, հրաժարականի եւ այլ» պարագաներու»։
Դիմողները բողոքեցին այս որոշումին դէմ, սակայն Վճռաբեկ դատարանը մերժեց դիմումը, 23 Նոյեմբեր 2015ին։
Այնուհետեւ, երկու հայերը դիմեցին Սահմանադրական դատարան՝ պնդելով, որ նոր պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ իրենց դիմումին մերժումը պետութեան կողմէ՝ կրօնքի ազատութեան իրենց իրաւունքին խախտում է: Դատարանը յօգուտ հայերուն վճիռը տուաւ հինգ տարի ետք՝ Մայիս 2019ին: Սակայն, Թուրքիոյ ղեկավարները անտեսեցին դատարանին որոշումը: «Թէեւ վճիռը կը պարփակէ կարեւոր այն բացայայտումները, որոնք կապ ունին պետութեան կողմէ հայ համայնքի ներքին գործերուն չարդարացուած միջամտութեան, անիկա կը յառաջացնէ նաեւ հարցեր, ինչպէս՝ արդեօք Սահմանադրական դատարանը արդիւնաւէտ տեղական դարմա՞ն է, թէ դերակատար, որ յարմար կերպով կ՛արգելափակէ դիմումները Սթրազպուրկի մէջ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, անորմով իսկ փակելով դուռը միջազգային վերահսկողութեան դիմաց», կը գրէ դոկտ․ Եըլտըրըմ։
«Պետութիւնը խոչընդոտած էր հայ համայնքը՝ ընտրելու իր կրօնական առաջնորդը 2009 էն ի վեր, երբ այդ օրուան պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան այլեւս չէր կրնար կատարել իր պարտականութիւնները հիւանդութեան պատճառով, մինչեւ 2019, երբ համայնքը վերջապէս ընտրեց Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը՝՝ իբրեւ նոր պատրիարք»:
Արաւել քան զուգադիպութիւն է, որ Սահմանադրական դատարանը իր վճիռը տուաւ 22 Մայիս 2019ին՝ պետութեան կողմէ 8 Մարտ 2019ին պատրիարքական ընտրութիւնները հաստատելէ ետք, երբ վախճանեցաւ պատրիարք Մութաֆեան։ Որոշումին ժամանակի ընտրութիւնը նպատակ ունէր այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ իբր պետութիւնը չէ միջամտած նոր պատրիարքի ընտրութեան, եւ դատարանը չէ յուշած կառավարութեան, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։
Իր որոշումին մեջ Սահմանադրական դատարանը վկայակոչած է «1863 թուականի Կանոնակարգը՝ հայկական միլլեթի (ցեղային-կրօնական համայնք) համար, միջազգային իրաւական դրոյթները, ներառեալ՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) եւ 1923 թուականի Լօզանի Խաղաղութեան պայմանագիրի դրոյթները՝ Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետականներու պաշտպանութեան համար», կը գրէ դոկտ․ Եըլտըրըմ:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյութեան ընթացքին կառավարութիւնը կամայական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է 1950, 1961, 1990, 1998 եւ 2019 թուականներու պատրիարքական ընտրութիւններուն։ «Ընտրութիւններու հրահանգները հիմնուած էին 18 Սեպտեմբեր 1961ի kառավարութեան որոշումին վրայ, որ տրուած էր միայն այդ տարուան պատրիարքական ընտրութիւններու համար եւ չէր բովանդակեր որեւէ դրոյթ՝ հետագայ ընտրութիւններու համար: Հակառակ այս իրողութեան, ներքին գործոց նախարարութիւնը շարունակեց օգտագործել այս հրամանը», կը գրէ դոկտ․ Եըլտըրըմ:
Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած դիմումին մէջ կը նշուէր, որ իշխանութիւններուն ձեռնարկած միջոցները բխած են «պետութեան կողմէ կրօնական դաշտը կազմակերպելու պարտաւորութենէն»:
Սահմանադրական դատարանը մերժեց այդ փաստարկը՝ որոշելով, որ իր վճիռը հիմնուած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան 24րդ յօդուածին վրայ, որ կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնը, Լօզանի պայմանագիրին 38րդ յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերի կրօնքի գործելակերպին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դատարանին զանազան վճիռներուն վրայ: Աւելին, Սահմանադրական դատարանը որոշում տուաւ, որ «Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի նշանակումը (2010) հայ համայնքի մրցակցային քաղաքացիական եւ հոգեւոր նախաձեռնութիւններու շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած գործընթացի արդիւնք չէ, այլ՝ «պետութեան ճնշման հետեւանք, որ հակասահմանադրական էր», կը նշէ դոկտ․ Եըլտըրըմ՝ աւելցնելով. «Եզրակացութեան մեջ Սահմանադրական դատարանը գտած է, որ պետութիւնը չէ կրցած ցուցաբերել անյետաձգելի ընկերային անհրաժեշտութիւն, որ կ՛ոտնակոխէ «հայկական աւանդոյթներու ոգին եւ հայ համայնքին կամքը»։ Ուստի, միջամտութիւնը՝ դիմողներու կրօնքի կամ հաւատքի ազատութեան իրաւունքին՝ պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու պահանջը մերժելու եղանակով, չի կրնար համարուիլ համատեղելի ժողովրդավարական հասարակութեան պահանջներուն հետ, եւ այդպիսով խախտուած էր սահմանադրութեան 24րդ յօդուածը»:
Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ Սահմանադրական դատարանին որոշումէն ետք, պետութիւնը շարունակեց միջամտել պատրիարքական ընտրութիւններուն: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ նոր սահմանափակումով՝ որոշելով, որ միայն թրքահայ այն եպիսկոպոսները, որոնք այդ ժամանակ կը ծառայէին Թուրքիոյ մէջ, կրնային ըլլալ պատրիարքարանի ընտրութեան թեկնածուներ՝ անորմով իսկ թոյլատրելի թեկնածուներու թիւը իջեցնելով երկուքի։ «Ասիկա հարիւր տոկոսով կը հակասէ Սահմանադրական դատարանի որոշումին», յայտնեց այս գործով փաստաբան Սեպու Ասլանկիլ։ Այսուամենայնիւ, պատրիարքական ընտրութեան հայկական նախաձեռնող յանձնախումբը որոշեց չվիճարկել ներքին գործոց նախարարութեան որոշումը, որպէսզի աւելի չյետաձգուի նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:
«Այս որոշումը բարձրացուց Սահմանադրական դատարանին հեղինակութիւնը՝ իբրեւ բարձրագոյն դատարան, որ վճիռ կ՛արձակէ ՄԻԵԴի իրաւագիտութեան համապատասխան։ Սակայն, վճիռին արձակման ժամանակին պատճառով, անիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ անարդարութեան սրբագրման վրայ, որուն բախած էր հայ համայնքը։ Անիկա նաեւ փակեց Սթրազպուրկի մէջ ՄԻԵԴի դիմում ներկայացնելու դուռը, անորմով իսկ խոչընդոտելով վճիռին կատարման միջազգային վերահսկողութիւնը»:
Արդարեւ, ինչպէս կը փաստէ իրաւական ասացուածքը՝ «Արդարութեան ուշացումը՝ արդարութեան մերժում է»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ