«Ժողովուրդ մը դագաղին մէջ
Ու դագաղը Ալլահին բեռ
Եւ չընդհատուող, չվերջացող
Անօրինակ թաղման թափօր…»:
Պետրոս Հերեան
ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Ես ո՛չ համաճարակաբան եմ եւ ոչ ալ բժիշկ: Հոգեբան ալ չեմ:
Եւ բնականաբար իմ նմաններուն վերապահուած չէ համաճարակներու մասին կարծիք տալ կամ խրատաբանութիւն ընել, որուն ի սկզբանէ չեմ հաւատացած: Սակայն իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անդոհանքը ապրած մարդ, կրնամ անդրադառնալ վախի եւ խուճապի մասին, որոնցմէ կը տառապին այսօր մարդկային հսկայական զանգուածներ:
Անձնապէս այս հարցին անդրադառնալու ոչ ծրագիր ունէի եւ ոչ ալ տրամադրութիւն: Առիթը ներկայացաւ երբ Սեւակ Տումանեանի դիմատետրի էջին վրայ, պատահաբար անգամ մը եւս ընթերցեցի եղբօրս՝ Պետիկի վերոյիշեալ քառեակը, որ թէեւ գրուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերուն, սակայն այսօր եւս խիստ ժամանակակից կը հնչէ, յատկապէս ձեզի ծանօթ կարգ մը երկիրներու պարագային: Այն օրերուն երբ արեւմտեան Պէյրութի վիճակը անտանելի դարձաւ եւ «Ազդակ»ը, իր անձնակազմով հարկադրաբար տեղափոխուեցաւ Պուրճ Համուտ, Պետիկը չեկաւ արեւելեան Պէյրութ, որ համեմատաբար աւելի ապահով շրջան կը համարուէր: Երբ հեռաձայնեցի իրեն (դժուարութեամբ կրցայ կապուիլ հետը) եւ պնդեցի որ անպայման մեր կողմը անցնի, մանաւանդ որ «Ազդակ»ի մէջ ալ պէտք ունէին իրեն, ան յամառեցաւ՝ առարկելով, թէ «Անգամ մըն ալ երբ առիթը պիտի ունենամ պատերազմի մէջ ըլլալու: Կը մնամ «Սպիտակ Տունը», ակումբի տղոց հետ, որոնց կեանքը նուազ թանկ չէ քան իմս»:
Սիրելի ընթերցող՝ Պետիկի տուած պատասխանը թող չզարմացնէ քեզ: Այդ օրերուն, երբ կուրօրէն նետուած ռումբերը մահ ու աւեր կը սփռէին ամենուրէք ու ամէն վայրկեան, (իմ սերունդի տղաքը կրնան վկայել այս մասին) մենք ոչ միայն ընտելացած էինք պատերազմական վիճակին, այլեւ մտերմացած՝ մահուան հետ: Վախի ու սարսափի սահմանները անցած էին, որովհետեւ փորձը ցոյց կու տար որ տագնապահար ըլլալն ու խուճապի մատնուիլը ոչ օգուտ կը բերէր եւ ոչ ալ հարցեր կը լուծէր: Այսօր վտանգի տեսակն ու տարողութիւնը տարբեր են: Հարցը միջազգային է, մահուան վտանգը շատ աւելի նուազ է ու պաշտպանուիլը՝ համեմատաբար աւելի հեշտ ու դիւրին: Այնպէս որ կարիք չկայ տագնապը անդոհանքի վերածելու եւ խուճապի մատնուելու:
Եկէք փիլիսոփայական մօտեցումով նայինք հարցին եւ ընդունինք որ այս մէկը Թէև պարտադրուած՝ սակայն հետաքրքրական ապրելաձեւ մըն է ի վերջոյ, եւ գուցէ նաեւ «անհրաժեշտ» փորձառութիւն մը մեր կեանքին մէջ: Այ՛ո, «Անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթը պիտի ունենանք նման անախորժ ու անորոշ կացութեան մէջ ըլլալու»: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ո՞ւր ալ գտնուի այսօր հարակադրուած է զգոյշ ըլլալու եւ սահմանափակելու կեանքի վայելքներն ու զրկուելու՝ առօրեայ հաճոյքներէն: Արդեօք արժէ՞ այսքան տագնապի մատնուիլ եւ կամ ենթարկուիլ ընկճախտի սահմռկեցուցիչ վիճակին: Մասնագէտները կ՛ըսեն թէ խուճապի մատնուելու հիմնական պատճառներ չկան, որովհետեւ այս համաճարակը ներկայացուածին չափ վտանգաւոր ու ճակատագրական չէ՝ համեմատած նախկիններուն: Նկատի առէք որ ընկճախտը շատ աւիլի վնաս կրնայ պատճառել անհատին քան անոր պատճառ հանդիսացող համաճարակը: Թէեւ իւրաքաչիւր անհատ տարբեր ձեւով, տարբեր տարողութեամբ ու տարբեր տրամաբանութեամբ կը դիմագրաւէ ու կը հակադարձէ տիրող համաճարակային կացութեան, այնուամենայնիւ հարկաւոր է ընդունիլ ճշմարտութիւնը ու հետեւիլ պատկան իշխանութիւններու ցուցմունքներուն:
Խնդիրը այն է թէ բոլոր տեսակի լրատուամիջոցները հակամէտ են շատ աւելի ժխտական լուրեր տարածելու քան՝ դրական: Յաճախ կը չափազանցեն նաեւ անոնք: Այս մէկը նորութիւն չէ, այլ լրատուամիջոցներու նկարագրին մաս կը կազմէ կարծէք: Այս պարագային, Չինաստանի համաճարակի վրայ հակակշիռ հաստատած ըլլալու, ապաքինուածներու եւ կամ յայտնաբերուած դեղամիջոցներու մասին շատ աւելի նուազ կը խօսուի քան՝ համաշխարհային գետնի վրայ արագօրէն տարածուող աղէտի մասին: Միայն մէկ անգամ լսեցի թէ համաճարակները հսկայական աւեր պատճառելով հանդերձ, ժամանակի ընթացքին կը տկարանան ու ի վերջոյ կը մարին: Այդպէս եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ինչո՞ւ կը յիշուին ու կը շեշտուին համաճարակներու գործած հսկայական աւերներն ու մարդկային կորուստները եւ հանգամանօրէն ու ամենայն լրջութեամբ չեն քննարկուիր անոնցմէ ստացուած դասերն ու մանաւա՛նդ պաշտպանուելու ժամանակակից միջոցներն ու ձեւերը, որոնք աւելի յոյս ու կորով պիտի ներշնչէին ժողովուրդներուն: Դեռեւս քիչ առաջ հաղորդեցին, որ ոչ միայն շաբաթէ մը ի վեր Չինաստանի ժողովուրդին մէջ նոր վարակում չէ արձանագրուած. այլեւ ամենակարեւորը համաճարակի կեդրոնը հանդիսացող Ուհան քաղաքի «Մեթրոն» սկսած է գործել եւ ժողովուրդը ազատ շարժելու իրաւունք ստացած է: Իսկ Իտալիոյ պարագային մահացածներու կողքին կան հազարաւոր բուժուողներ, որոնց մասին գրեթէ չի խօսուիր:
Առ այդ, կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ հին աշխարհի ժողովուրդներէն շատերը պաշտպանուելու համար համաճարակներէ փորձառաբար ձեռք բերած էին միջոցներ: Օրինակի համար, հին Եգիպտոսի բժիշկները, մարդոց առողջութիւնը երաշխաւորելու, յատկապէս համաճարակներէ պաշտպանելու համար, նախ՝ իւրաքանչիւր ստրուկի վիզէն պճեղ մը սխտոր կը կախէին ապա՝ առատօրէն սխտոր կը կերցնէին անոնց: Այս պատճառով Նեղոսի զոյգ ափերուն ամէնէն շատ սխտոր կը ցանէին, որովհետեւ հազարամեակներու փարաւոնական այդ հսկայ քաղաքակրթութեան զարգացումն ու գոյատեւումը պայմանաւորուած էր ստրուկներու առողջութեամբ: Իսկ հնդիկները մինչև հիմա, չափազանց շատ կծու կ՛ուտեն (կ՛օգտագործեն բոլոր տեսակի կծու բանջարեղէնը եւ համեմները) վարակիչ հիւանդութիւններէ պաշտպանուլու համար: Նոյն նպատակով Վերածնունդի շրջանին Ֆրանսայի թագաւորն ու թագուհին քնանալէ առաջ ոսկեայ գեղեցիկ տուփիկներու մէջէն կը հանէին պճեղ մը սխտոր, կուլ կու տային, միայն ապա կը մտնէին անկողին:
Իմ գիտակից ընթերցող, յանկարծ չկարծես թէ յաւակնութիւնը ունիմ հաւատալու թէ սխտորը կամ կծու բանջարեղէնը եւ համեմները համաճարակներ բուժելու կամ վերացնելու յատկութիւն ունին: Ընդհակարակն, գիտականօրէն ապացուցուած չէ այս մէկը, թէեւ շատեր կ՛ընդունին որ կծու բանջարեղէնը եւ համեմները օգտակար են, եւ հնարաւոր է նաեւ. որ մարդու դիմադրողականութիւնը աւելցնեն:
Ամէն պարագայի, համաճարակներու պատմութիւնը լեցուն է աղէտաբեր հետեւանքներով, որոնց շարքին է նաեւ անոնց թողած հոգեբանական ազդեցութիւնը մարդոց վրայ: Դեռևս մօտիկ անցեալին, Եղեռնէն ետք, Հայաստանի անկախութեան օրերուն իսկ, հայրենի ժողովուրդը դիմագրաւեց «թիֆոյիտ»ի մահաբեր համաճարակը, որուն զոհ գնաց նաեւ Արամ Մանուկեանի նման հերոս մը: Իսկ մուսալեռցիք երբ եկան ու հաստատուեցան Այնճար, տարածաշրջանի ճախճախուտ ու վատառողջ մթնոլորտին պատճառով բռնուեցան «մալարեա»ի համաճարակին, որուն հետեւանքները այնքան մեծ էին, որ մեր ծնողները կը վկայեն, որ կը պատահէր օրական տասնեակներով մարդ կը թաղէին: Այն ատեն չկային պէտք եղած բուժման կեդրոններն ու դեղամիջոցները եւ այդ պատճառով ալ «թիֆոյիտ»ն ու «մալարեան» շատ աւելի խոցելի էին քան՝ մերօրեայ «Քորոնա» կոչուածը: Երկու պարագաներուն ալ թէեւ բազմաթիւ զոհեր եղան, սակայն ժամանակը իր դերը կատարեց, ժողովուրդը կազդուրուեցաւ ու գոյատեւեց: Կ՛ըսեն թէ այս մէկն ալ վաղ թէ ուշ պիտի մարի, սակայն կը շահի այն հասարակութիւնը որ առանց խուճապի կը դիմագրաւէ կացութիւնը եւ նուազագոյն զոհերով դուրս կու գայ միջազգային տարողութիւն ստացած այս աղէտէն:
Հայաստանը (ինչ որ չափով նաեւ Լիբանանը), այսօր իրենց կազմակերպուածութեամբ աւելի լաւ պաշտպանուած կը թուին ըլլալ, քան՝ եւրոպական շարք մը երկիրներ:
Հակառակ անոր որ երեւութապէս աշխարհը սկսած է վերածուիլ «չընդհատուող ու չվերջացող անօրինակ թաղման թափօր»ի, եկէք խնայենք մեր ջիղերը, մեր առողջութիւնը, նախ անոր համար որ վտանգը եւ աղէտը այնքան մեծ ու մտահոգիչ չեն թուիր ըլլալ, ապա ի նկատի ունենանք, որ զգուշութիւնը վախկոտութիւն չէ եւ ոչ ալ համարձակութիւնն ու մասնագիտական թելադրանքներ չգործադրելը՝ քաջութիւն:
Աս գրութիւնէն անանկ հասկցայ որ գրողը կուզէ որ մարդոց միտքը քիչ մը հանգիստ ըլլայ եւ շատ չնեղուին աս գորոնային համար: Բայց ասի ըսելու համար, կարծեմ թէ քիչ մը շատախօսութիւն ըրած է եւ առաջին ըսածներուն հակառակը ըսած է վերջէն: Ըսեր է, որ ինքը հոգեբան եւ բժիշկ չէ, յետոյ հոգեբանի եւ բժիշկի պէս խրատներ տուէր է: Ուրիշ կէտ մըն ալ ըսեմ: Աս հիւանդութիւնը անկարելի է որ մէկը բախդատէ Լիբանանի կամ ուրիշ պատերազմներուն հետ, ոչ ալ մուսալերցիներուն առաջին օրերուն հետ: Ասի ամէն ձեւով ուրիշ տեսակ վտանգ մըն է: Եթէ միան ըսէր որ վախենալու պատճառ կայ նէ, չ վախնալու պատճառ ալ կայ, աւելի լաւ կը հասկցուէր ըսածը: