ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ սկսաւ 440 միայնակ քաղաքացիներուն մէկ ամսուան պարէնամթերք եւ մաքրութեան նիւթեր տրամադրելու աշխատանքները: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Արցախի Հանրապետութեան աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ օգնութիւն կը յատկացուի 63 տարին ամբողջացուցած, չաշխատող, զաւակ, ամուսին եւ օրէնքով սահմանուած խնամակալ չունեցող անձերուն։