ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Արցախի պետական անձնաւորութիւններ 2 Ապրիլին յարգեցին 2016ի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն յիշատակը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը՝ ընկերակցութեամբ հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինուորական ծառայողներուն` Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեանի եւ Լիպարիտ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկադի Անդրէասեանի: Բանակին մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ուշադրութիւն գրաւած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, վիրաւորուած են մարտական գործողութիւններուն ընթացքին։ Անոնք աշխատանքի ընդունուած են «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որուն նպատակն է օժանդակել զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինուորներուն եւ անոնց աշխատանք ապահովել։
Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին ապրիլեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին անոնց յիշատակին:
«Եռաբլուր» այցելեցին նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան։ Վարչապետը ծաղիկներ զետեղեց ապրիլեան պատերազմի զոհերուն, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն, ինչպէս նաեւ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւս յարգեցին 2016ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն զոհուած զինուորներուն յիշատակը։
ԱՌՑԱԽԻ ՄԷՋ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Թալիշ գիւղը եւ Ապրիլեան պատերազմի 4րդ տարելիցին առիթով ծաղկեպսակ զետեղեց գիւղի յուշահամալիրին մէջ:
Նոյն օրը, երկրին ղեկավարը Թալիշի մէջ գլխաւորեց խորհրդակցութիւն մը պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ` պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացման վերաբերող հարցեր: