ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Տայան Ֆայնսթայն կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբաթ Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած երկու եռիլիոն տոլարի պետական աջակցութեան ծրարէն իրենց բաժինկը պիտի ստանան նաեւ փոքրածաւալ գործարարները։
Ծերակուտականը նաեւ կը նշէ, որ նպաստաւոր պայմաններով 350 միլիառ տոլարի նպաստներու եւ վարկերու ծրար մը նկատի առնուած է փոքրածաւալ գործարարներուն համար՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ անոնք, որոնք իրենց աշխատաւորները գործէ չեն արձակեր կրնան իրենց շնորհուած վարկերուն ներումը ապահովել։