ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը (Board of Supervisors) 31 Մարտի իր ժողովին ընթացքին որոշեց այս տարի եւս Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակել գաւառին տարածքին։
Վերահսկիչներու խորհուրդին մէջ գաւառին 5րդ եւ 4րդ ընտրատարածքները ներկայացնող Քեթրին Պարկըրի եւ Ճենիս Հանի հեղինակած առաջարկին նպատակն է՝ լուսարձակի տակ առնել հայութեան բերած նպաստը Լոս Անճելըս գաւառին, որ 2017էն ի վեր Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» կը հռչակէ, նոյն ժամանակ իր շաբաթական ժողովներուն ընթացքին մեծարելով շարք մը հայ քաղաքացիներ, որոնք կարեւոր ներդրումներ ունեցած են գաւառին բարգաւաճման մէջ։
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապին հետեւանքով այդ ներակացումները տեղի պիտի չունենան այս տարի, ոչ ալ վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակելու գաւառին որոշումը, շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս Քեթրին Պարկըրին եւ Ճենիս Հանին։