34,000 ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ Կ՛ԱՆԴԱՄԱԳՐՈՒԻՆ «ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՋՈԿԱՏՆԵՐ»ՈՒՆ
ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 1 Ապրիլին յայտարարեց, որ տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ այլ պաշտօնեաներու հետ քննարկումներէ ետք, հաստատուած է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, հանրային վարժարաններու աշակերները մինչեւ 2019-2020 կրթական տարեշրջանի աւարտը պիտի չվերադառնան իրենց դպոցները եւ համացանցի միջոցաւ պիտի ամբողջացնեն տարեշրջանը։ Առ այդ, նահանգի իշխանութիւնները որոշած են վարժարաններուն հետ մօտէն գործակցիլ, կարելի եղածին չափ դիւրացնելու համար այս իրավիճակը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու միութեան www.cta.org/COVID-19 կայքէջը։
Միւս կողմէ, 48 ժամուան մէջ, 34,000 կամաւորներ անդամագրուեցան Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի նախաձեռած «Առողջապահութեան Ջոկատներ»ուն, որ նպատակ ունի հազարաւոր բժիշկներ եւ հիւանդապահներ զինուորագրել «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու եւ վարակուածները դարմանելու պայքարին։
Քալիֆորնիոյ նահանգապետը կոչ ըրած էր հանգստեան կոչուած կամ այլ մարզերու մէջ գործող բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, ինչպէս նաեւ բժիշկութեան կամ հիւանդապահութեան ուսանողներուն, որ միանան պայքարին: