ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի․»․- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Ուրբաթ, 27 Մարտին, քննելէ ետք «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու, վարակուածները դարմանելու եւ տնտեսական վնասներ կրած քաղաքացիներուն եւ ընկերութիւններուն օժանդակութիւններ յատկացնող մօտաւորապէս 2 եռիլիոն տոլարի ծրարը՝ հաստատեց զայն։
Ծերակոյտը Չորեքաբթի երեկոյեան, միաձայնութեամբ հաստատած էր բանաձեւը։
Երկրին պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը հանդիսացող օժանդակութիւններու այս ծրարին մանրամասնութիւններուն համար այցելել http://asbarez.com/arm/367069 կայքէջը։
Նախագահ Տանըլտ Թրամբ ստորագրեց զայն։