ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Փասատինա Նաու».- Հինգշաբթի, 26 Մարտի երեկոյեան, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը 3ի դէմ 4 քուէներով հաստատեց անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդութեան երկրորդական վարժարանի ծրագիրի մը նախաձեռնելու առաջարկը, որ եկած էր անցեալ ամիս կրթաշրջանին ներկայացուած՝ քաղաքին մէջ Մելգոնեան երկրորդական վարժարանը բանալու հարցը քննարկած յատուկ մարմինին կողմէ։
Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամներ Էլիզապէթ Փոմերոյ, Սքաթ Ֆելփս Ռոյ (Վրոյր) Պուլղուրճեան եւ Լորընս Թորեզ ծրագիրին իրականցման թեր քուէարկեցին, մինչ Քիմ Ին, Մայքըլ Պէյլի եւ Փեթրիք Քելըհեն (ատենապետ)՝ դէմ։
Ծրագիրը պիրի գործէ քաղաքին Պլեր վարժարանին մէջ։
Մելգոնեան երկրորդական վարժարանը բանալու ծրագիրին վերապահութեամբ մօտեցած էին վարչութեան կարգ մը անդամներ, յատկապէս որովհետեւ նիւթական դժուարութիւններ դիմագրաւող կրթաշրջանը վերջերս հինգ վարժարաններ փակած էր։
Ծրագիրը պիտի սկսի գործել, եթէ արձանագրուին առնուազն 150 աշակերներ, որոնք նախապէս Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները չեն յաճախած։
Նշենք, որ Մելգոնեան երկրորդական վարժարանը յաճախելու պատրաստակամութիւն յայտնած էին մօտաւորապէս 200 աշակերտներ։ Մելգոնեան վարժարանին նախաձեռնած Melkonian Global Overture-ի նպատակն է՝ ՀԲԸՄի կողմէ փակուած Մանուկեան վարժարանին ձգած բացը գոցել։ Վարժարանին համահիմնադիրներէն Արսինէ Շիրվանեան յայտեց, որ նեցուկ կը կանգնի երկլեզու դասաւանդման այս ծրագիրին՝ ընդունելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ անկախ վարժարանի մը ծրագիրը չի հետապնդեր։