
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու մէջ, COVID-19 «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 27 Մարտին մօտեցաւ 87,000ի, որ կը նշանակէ, թէ այժմ Միացեալ Նահանգները ունի մեծագոյն թիւով «Քորոնա» ժահրով վարակուածները աշխարհի տարածքին, յառաջ անցելով Չինաստանէն եւ Իտալիայէն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած են առաւել քան 1300 վարակուածներ։
Յատկանշական է, որ վարակուածներուն մօտաւորապէս 40,000ը Նիւ Եորք մէջ են, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ արձանագրուած են աւելի քան 4000 վարակումներ։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 600,000ի, որոնցմէ մօտաւորապէս 155,000ը բուժուած է ցարդ եւ մահացած են մօտաւորապէս 25,300 ուրիշներ։ Տակաւին վարակուածներուն մօտաւորապէս 95 տոկոսին հիւանդութիւնը մեղմ կամ միջին տարողութեամբ է, իսկ 5 տոկոսը՝ ծանր վիճակի մէջ է։
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը ազդարարեց, որ ժահրը դիտումնաւոր կերպով տարածող անձերը կրնան ահաբեկչութեամբ ամբաստանուիլ։