ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Քորոնա» ժահրին վարակը կանխարգիլելու եւ յաղթահարելու նպատակով ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար բացուած դրամատնային հաշիւին երեք օրերու ընթացքին կատարուեցաւ 321 միլիոն 167 հազար 610.6 դրամի նուիրատուութիւն, իսկ մուտքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 1355ի:
Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը։