ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճան բազմիցս խախտած է պայմանաւորուածութիւնը՝ դիտորդները առաջին գիծ տանելու հարցին մէջ, ինչ որ մեծ մասամբ պայմանաւորուած է սահմանագիծին վրայ կատարուող լայնածաւալ աշխատանքներով, որոշ պարագաներու՝ ծանր սարքերու միջոցաւ։
«Փանորամա»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս հաստատումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ռազմական հարցերու խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան՝ անդրադառնալով շփման գիծին վրայ դիտարկումները անորոշ ժամանակով կասեցնելու վերաբերեալ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի յայտարարութեան։
Ըստ անոր՝ այս որոշումին պատճառները ակնկալելի են, իսկ պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ պատշաճ ձեւով իր ծառայութեան իրականացումը, պատրաստ՝ կանխելու հակառակորդի որեւէ սադրանք:
Յիշեցնենք, որ յայտարարութիւնը ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուեցաւ 18 Մարտին. իբրեւ պատճառ կը նշուի «Քորոնա» ժահրին տարածումով պայմանաւորուած միջազգային սահմաններու փակումը եւ ճանապարհորդութեան սահմանափակումները միջազգային ու տեղական անձնակազմին համար։
Այս յայտարարութեան յաջորդեց ուրիշ մը, որմով ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները կոչ ուղղեցին կողմերուն՝ վերահաստատելու զինադադարը խստօրէն պահպանելու իրենց յանձնառութիւնը եւ զերծ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութենէ, որ կրնայ աւելի սրել լարուածութիւնը այս ժամանակաշրջանին:
Տիգրան Աբրահամեան միջնորդներուն երկրորդ յայտարարութեան մասին ըսաւ հետեւեալը. «Վերջիններս այս տասնամեակների ընթացքում կողմերի հետ աշխատանքի մեծ փորձ են կուտակել եւ լաւ գիտեն, թէ ինչի՛ է ընդունակ Ադրբեջանը նոյնիսկ համաշխարհային նշանակութիւն ձեռք բերած առողջապահական այս սպառնալիքների ժամանակահատուածում: Եթէ նոյնիսկ այս իրավիճակում Ադրբեջանը արկածախնդրութեան դիմի, ապա հաւաստիացնում եմ, որ պաշտպանութեան բանակը ի վիճակի է իր մարտական խնդիրը լուծել եւ հակառակորդի ստեղծած սպառնալիքները չէզոքացնել»։