ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 10,000ի ՍԱՀՄԱՆԸ ԱՆՑԱՒ
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- «Քորոնա» ժահրին դէմ աւելի ազդու պայքար մղելու եւ վարակուողներուն թիւը նուազագոյնի հասցնելու համար, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ յայտարարեց, որ 20 Մարտէն սկսեալ նահանգին քաղաքացիներէն կը պահանջէ տունը մնալ եւ միայն կենսական կարիքներու համար դուրս ելլել։
Մօտաւորապէս 40 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Քալիֆորնիա կը հանդիսանայ նման խիստ միջոցարումներու դիմող Միացեալ Նահանգերու առաջին նահանգը։
Յայտարարութեան պահուն, մօտաւորապէս հազար վարակուածներ կային նահանգին մէջ եւ արձանագրուած էին 19 զոհեր։
Մեկուսացման ենթարկուող քաղաքացիները իրաւունք ունին իրենց բնակարաններէն դուրս գալու ուտեստեղէնի եւ կենսական այլ նիւթերու, ներառեալ՝ դեղերու, գնումներ կատարելու, խնամք ստանալու կամ տրամադրելու, տան շրջակայքը քալելու կամ վազելու համար. նաեւ հաւաքներու մասնակցողները 10էն նուազ պէտք է ըլլան եւ անոնք իրարմէ ապահով հեռաւորութեան մը վրայ մնան։
Ճաշարանները բաց պիտի մնան առաքումներ կատարելու համար։ Բաց պիտի մնան նաեւ դրամատուները, առողջապահական եւ փոխադրական սպասարկութիւններ տրամադրող հաստատութիւնները եւ շինարարութեան նիւթեր վաճառող խանութները։
Նման յայտարարութիւններ կատարուեցան նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետին եւ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ։
Նահանգապետ Նիւսըմ նաեւ յայտարարեց, որ աշխատանք կը տարուի բազմացնելու հիւանդանոցներու ազատ անկողներուն թիւը եւ նշեց, որ դաշնակցային իշխանութիւններուն դիմած է՝ ծովուժին հիւանդանոց-նաւերէն մէկը Լոս Անճելըսի նաւահանգիստը ուղարկելու խնդրանքով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Լոս Անճելըս գաւառի lacounty.gov կամ publichealth.lacounty.gov կայքերը ։
Նշենք, որ շխարհի տարածքին, «Քորոնա» ժահրէն մահցողներուն թիւը 10,000ի սահմանը անցաւ, իսկ Սպանիա հանդիսացաւ 4րդ երկիրը, ուր զոհերուն թիւը 1000էն աւելի է։