ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերուն թիւը հասաւ 122ի:
Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ նոր վարակակիրները կապուած են արտադրամասի մը հետ, ուր աշխատողներէն մէկը ունէր ժահրը եւ կապի մէջ մտած է ուրիշներու հետ։ «Հաշուի առնելով արտադրամասի մեծութիւնը՝ վարակակիրների թիւը կարող է աւելանալ», յայտնեց նախարարը։