ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի կառուցել յատուկ հիւանդանոց կամ հիւանդանոցներ, որոնք պիտի սպասարկեն միայն «Քորոնա» ժահր ունեցող հիւանդներուն, որպէսզի անոնք չբուժուին մարզական բժշկական կեդրոններուն մէջ։
Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ժահրի առաւել տարածման պարագային, ո՛ր հիւանդանոցները պիտի օգտագործուին հիւանդներու բուժման համար:
«Հաշուի առնելով զարգացումները, ամենայն հաւանականութեամբ, մենք կ՛ունենանք առանձին հիւանադանոց-հիւանդանոցներ, որոնք կը սպասարկեն միայն «Քորոնա» ժահրով պացիենտներին (հիւանդներուն-Խմբ.)՝ մի պարզ պատճառով, որ ընդհանուր հիւանդանոցների ներսում տեղի չունենայ ներհիւանդանոցային վարակում», շեշտեց Թորոսեան եւ նկատել տուաւ, որ այդպիսի դէպքեր արձանագրուած են Իտալիոյ մէջ, երբ հազարաւոր բժիշկներ վարակուած են:
Նախարարը չճշդեց այդ հիւանդանոցներուն անունները, քանի որ տակաւին չեն վերջնականացած: Սակայն ան շեշտեց, որ ներկայիս հիւանդները պիտի բուժուին կեդրոնացեալ դրութեամբ՝ յատուկ իրենց համար նախատեսուած հիւանդանոցներուն մէջ: ««Նորք» ինֆեկացիոն (վարակի-Խմբ.) հիւանդանոցը մնալու է կենտրոնական օղակը՝ պացիենտներ ընդունելու, թեստեր (քննութիւններ-Խմբ.) վերցնելու, ախտորոշելու եւ գիտական մասով ամէն ինչը համակարգելու համար», յայտնեց նախարարը։
Մինչ այդ, «Ինեկոբանկ»ը 20 միլիոն դրամ գումար տրամադրեց՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման աշխատանքներուն, յատկապէս՝ «Նորք» հիւանդանոցին նոր կառոյցի շինութեան։
Աւելի կանուխ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, նոր շինութեան կառուցման մասին գրառում կատարելով՝ նշեց. «Այս նախաձեռնութեան արդիւնքում 3-4 օրում հիւանդանոցը կ՛ունենայ 40 նոր պալատ»։
«Ինեկոբանկ»ի հասարակութեան հետ կապի գրասենեակէն յայտնեցին հետեւեալը. «Առաջին իսկ օրուանից «Ինեկոբանկ»ը, հետեւելով նոր կորոնավիրուսի վերաբերեալ պաշտօնական հրապարակումներին եւ նպատակ ունենալով ապահովել անվտանգութիւն թէ՛ յաճախորդների եւ թէ աշխատակիցների համար, արդէն իսկ ձեռնարկել է մի շարք միջոցառումներ, որոնք համոզուած ենք կը նպաստեն վարակի կանխարգելմանը։ Այս քայլը մեր ներդրումն է վարակը յաղթահարելու համընդհանուր նպատակին հասնելու ճանապարհին։ Մենք հաւատում ենք, որ, համախմբուած լինելով, կարող ենք յաղթահարել ցանկացած մարտահրաւէր»։