Համաշխարհային գետնի վրայ «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ կանխարգիլման տարբեր միջոցառումներու որդեգրման շրջագիծին մէջ, Լիբանան իր կարգին սկսաւ դիմել համախմբումները արգիլելու եւ քաղաքները շրջափակելու քայլերուն:
Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետարանները անմասն չմնացին այս միջոցառումները որդեգրելէ եւ անոնք դիմեցին շարք մը նախաձեռնութիւններու:
Զոյգ քաղաքապետութիւններուն այս աշխատանքին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու եւ իր ընթերցողները այդ աշխատանքին մասին իրազեկ պահելու նպատակովշ «Ազդակ»ը Կիրակի օրե հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ:
Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եղաւ այն առաջին քաղաքապետութիւններէն, որ անմիջապէս որոշումներ տուաւ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկեց Պուրճ Համուտի կառոյցները հականեխելու, վաճառատուները փակելու, ինչպէս նաեւ համախմբումները արգիլելու իմաստով:
Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ հիմնուելով քաղաքապետարաններու օրէնքինշ առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներու շրջաբերականներուն եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետի որոշումին (11 Մարտ, 2020), եւ «Քորոնա» ժահրին առնչութեամբ միջոցառումներու պետական յանձնախումբի որոշումներուն վրայ, տուած է հետեւեալ որոշումները.
Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները եւ բաժանմունքները, որոնք ուղղակի կապ ունին քաղաքացիներուն հետ, կը դադրին քաղաքացիներ ընդունելէ եւ փակ կը մնան:
Բ.- Վերոյիշեալ տնօրինումէն զերծ կը մնան հանրային առողջապահութեան, հանրօգուտ աշխատանքներու, ոստիկանութեան եւ գիշերապահներու բաժանմունքները, որոնք կը շարունակեն գործել սովորականին պէս:
Գ. Ակումբներէն, վաճառատուներէն, զբօսավայրերէն, խաղավայրերէն, ճաշարաններէն, սրճարաններէն, կլկլակի վաճառատուներէն, մանկամսուրներէն եւ ժամանցի վայրերէն կը պահանջուի ցնոր տնօրինութիւն գործադրել բոլորովին փակ մնալու որոշումը, եւ վերաբացումի համար սպասել պատկան մարմիններու թոյլտուութեան, նաեւ կ՛արգիլուին ամէն տեսակի հաւաքները:
Դ.- Բոլոր քաղաքացիներէն կը պահանջուի տունը մնալ, միայն անհրաժեշտութեան պարագային շրջագայիլ եւ հետեւիլ մաքրութեան ու նախազգուշութեան միջոցառումներուն, զորս կը հաղորդեն լրատուական միջոցները:
Ե.- Քաղաքացիները անհրաժեշտութեան պարագային կրնան որեւէ ատեն հաղորդակցիլ քաղաքապետարանին հետ, որպէսզի անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ընդգծեց խուճապի չմատնուելու եւ տարաձայնութիւններով չտարուելու կարեւորութիւնը, որպէսզի տիրող արդէն դժուար կացութիւնը աւելի չվատթարանայ եւ դժուարութիւնները չկրկնապատկուին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ձեռնարկեց նաեւ շրջանին ակումբները, եկեղեցիները, մզկիթներն ու շարք մը այլ կառոյցներ հականեխելու աշխատանքին:
Հականեխումի աշխատանքները ներառեցին «Սարդարապատ», «Արագած», «Ռուբէն», «Սերոբ Աղբիւր» եւ «Ազիրեան» ակումբները, «Աբօ Աշճեան» եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնները, «Ճինիշեան» հաստատութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նախկին քոլեճը, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Աստուածածին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Փրկիչ, Մար Տումեթ, Մար Եուսեֆ, Թարաքքի, Սալիպ, Սայիտաթ Պշարա եկեղեցիները, «Ֆարհաթ» մզկիթը, Ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակին զօրանոցը էւ Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Քարանթինայի ձկնորսներու համագործակցականը:
Իր կարգին, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու միջոցառումներուն շրջագիծին մէջշ Այնճարի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած է հականեխումի արշաւի մը, որ ընդգրկեց շրջանի եկեղեցիները, դարմանատուները, պետական կառոյցները եւ ակումբները, ՀՄԸՄի ակումբը, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տունը, ինչպէս նաեւ դպրոցները եւ հաւաքավայրերը:
Վ. Խօշեան հաստատեց, որ քաղաքապետութիւնը անցեալ Չորեքշաբթի օրուընէ արդէն իսկ սկսած է հականեխումի այս արշաւին եւ օրական դրութեամբ կը կատարէ զայն:
Ան հաստատեց, որ Էրքվը’ապձի առաւօտեան քաղաքապետարանը պիտի սկսի հականեխել նաեւ Այնճարի հիմնական փողոցները:
Այնճարի քաղաքապետը ընդգծեց, որ քաղաքապետութիւնը շրջանի նահանգապետէն շրջաբերական մը ստացած է վաճառատուները փակելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ գիւղաքաղաքին մէջ բաց են միայն դեղարաններե էւ սննդամթերքի վաճառատուները, որոնց դիմաց կամ կողքին համախմբումներ նկատելու պարագային քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը կը ցրուէ զանոնք:
Վ. Խօշեան հաստատեց, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը, գործակցութեամբ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան եւ Լիբանանահայ Օգնութեան Չաչի «Աղթամար» մասնաճիւղին, նախազգուշացման բոլոր միջոցառումներուն կը դիմէ եւ աչալուրջ կերպով կը հետեւի կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու:
Զոյգ քաղաքապետները հաստատեցին, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պատասխանատու է, իսկ մնացեալ բոլորը պարտաւոր են զգուշաւոր եւ կանխարգիլող միջոցներու դիմել, որովհետեւ անիկա ազգային եւ բարոյական պարտաւորութիւն է: