ՖՐԵԶՆՕ.- Կազմակերպութեամբ Հայկական մշակոյթի պահպանման կազմակերպութեան, Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիոյ Հայկական տան (CAH) խոհանոցին եւ անոր կից գտնուող սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խարբերդի քիւֆթէի պատրաստութեան ծանօթացման ձեռնարկ մը:
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ շատ սիրուած Խարբերդի քիւֆթէն հետզհետէ աւելի նուազ յաճախականութեամբ կը պատրաստուի, կազմակերպութիւնը դիմած էր այդ ճաշատեսակի վարպետներէն մէկը հանդիսացող Էլիսի Պետրոսեանին, որպէսզի յատկապէս նոր սերունդի ներկայցուցիչներուն ծանօթացնէ անոր գաղտնիքները:
Ներկայ էին մօտաւորապէս 40 անձեր, ներառեալ՝ ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ այլ հիւրեր, որոնք գործնական ցուցմունքներ ստացան ոչ միայն Էլիսի Պետրոսեանէն, այլ նաեւ ներկայ այլ խոհարարներէ` Անժել Պարտիզպանեանէն, Աննա Կարապետեանէն, Մատլէն Խաչատուրեանէն, Փեթի Գալայճեանէն եւ Արտա Թոքթասէն:
Քիւֆթէի հեղուկին պատրաստութիւնը ցուցադրեց Լինտա Գալուստեան, որմէ ետք մասնակգվցները վայելեցին այս պատմական համեղ ճաշատեսակը, իրեց հետ տանելով խոհագիրը: