ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Կարմիր Խաչը, հանդիսանալով մարդասիրական ոլորտին մէջ կառավարութեան աջակցող կառոյց եւ երկրին մէջ մեծագոյն կամաւորական կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացուածութիւն ունենալով բոլոր մարզերուն եւ բազմաթիւ համայնքներու մէջ՝ յայտարարեց, որ յատուկ գործելաոճ որդեգրած է, որպէսզի կարենայ առաւելագոյն չափով օժանդակել բնակչութեան։ Արդարեւ, ըստ հաղորդագրութեան, արտակարգ դրութեամբ պիտի գործեն Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան ընկերային-հոգեբանական աջակցութեան կեդրոններ, տարեցներուն եւ հիւանդներուն աջակցելու նպատակով Կարմիր Խաչի կամաւորները յատուկ կերպով պիտի փորձեն հետաքրքրուիլ անոնցմով եւ ապահովել կենցաղային իրեր, որպէսզի անոնք դուրս չելլեն իրենց բնակարաններէն։
Կարմիր Խաչի կամաւորները Ծաղկաձորի եւ Դիլիջանի մէջ մեկուսացման մէջ գտնուող քաղաքացիներուն հետ առցանց կապի մէջ պիտի ըլլան՝ յստակացնելու համար անոնց կարիքները եւ փոխանցելու ոլորտային պատասխանատուներուն։ Կամաւորները նաեւ իրազեկման աշխատանք պիտի տանին ամբողջ հանրապետութեան տարածքին եւ փոխանցեն «Քորոնա»ի դէմ պայքարի ձեւերը։