ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի մէջ, ներկայ դրութեամբ, յատուկ յանձնարարութեամբ մեկուսացուած քաղաքացիներ չկան, բայց շատեր որդեգրեցին հեռակայ դրութեամբ աշխատելու դրութիւնը։ «Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:
Ըստ անոր՝ տակաւին չի քննարկուիր Արցախի մէջ ընտրութիւնները չեղարկելու կամ յետաձգելու հարցը, բայց Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը յորդորեցին քարոզարշաւին բոլոր մասնակցողներուն՝ սահմանափակել փակ տարածքներու մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումները: Բացի այդ, անցակէտերուն վրայ սահմանուած է բժշկական հսկողութիւն, կը կատարուի քաղաքացիներու ջերմութեան ստուգում: Անհրաժեշտութեան պարագային քաղաքացիներուն կը յորդորուի ինքնամեկուսանալ՝ իրենց հսկողութեամբ:
Գրիգորի Մարտիրոսեան յայտնեց, որ Արցախի նախագահին հետ համաձայնած են կոչ ուղղել Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիներուն՝ փոխադարձ այցելութիւններ կատարել միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային։