ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝ 17 Մարտին տեղի ունեցաւ պարէտատան առաջին նիստը։ Ան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով յայտարարուած արտակարգ դրութեան գործնականացման համար պէտք է աւելի ճկուն ըլլալ։
«Ես տեսնում եմ, որ որոշակի խնդիրներ առկայ են ու նոյնիսկ արտակարգ դրութեան ռեժիմում մենք ունենում ենք որոշումների կայացման ֆորմալիզացման (պաշտօնականացման-Խմբ.) յետաձգումներ: Պէտք է խնդրեմ, որպէսզի մեր իրաւաբանները մի փոքր աւելի կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) ու ճկուն համակարգ առաջարկեն, որով մենք առաջ կը շարժուենք, որովհետեւ ինձ մօտ մէկ-մէկ տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ արտակարգ դրութեան ռեժիմում մենք աւելի քիչ ճկունութիւն ունենք, քան մինչ այդ ունէինք», յայտնեց Աւինեան։
Ան ըսաւ, որ պիտի քննարկուին քանի մը կարեւոր այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին հանրային նախաձեռնութիւններ իրականացնելու սահմանափակումներուն՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքին, եւ թէ ինչպէ՛ս իրականացնել անոնց վերահսկողութիւնը: Ըստ Աւինեանի՝ պէտք է ճշդուին մեթոտական յստակ ցուցմունքներ, որպէսզի իր պարտականութիւնները կատարող իւրաքանչիւր պաշտօնեայ իմանայ, թէ ինչ պէտք է ընէ։
Այնուհետեւ, առողջապահութեան նախարարը Արսէն Թորոսեան ներկայացուց հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակը՝ «Քորոնա» ժահրին տարածման դէմ պայքարին վերաբերող:
Պարէտատան նիստին մասնակցողները կարեւոր նկատեցին յատկապէս քաղաքացիական գիտակցութեան եւ զգօնութեան դերը ու լրացուցիչ անվտանգութեան միջոցառումները:
Նիստին ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, ոստիկանութեան կողմէ վերահսկողական քայլերուն վերաբերող յատուկ յանձնարարականներ տրուեցաւ։ Անհրաժեշտ նկատուեցաւ մարզերուն եւ Երեւանի մէջ զանազան գերատեսչութիւններու ներգրաւումով վերահսկողական գործողութիւններու համակարգման առումով մարզպետերուն եւ Երեւանի քաղաքապետին դերը։
Նիստի մասնակցողները քննարկեցին ընկերային-տնտեսական անհրաժեշտ քայլերը՝ տնտեսութիւնը աշխուժացնելու եւ մեղմացնելու համար այս ժահրին ազդեցութիւնը ընկերային բոլոր մակարդակներու խումբերուն վրայ։
Անդրադարձ կատարուեցան նաեւ շարք մը երկիրներու հետ հաղորդակցութեան ու վիզայի դրութեան վերաբերող հարցերու։