ՇԱՆԹ ՄԵՐՃԱՆԵԱՆ
Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան, շուրջ հինգ տասնեակ երիտասարդ ուսանողներ հաւաքուած էին Փարիզի 12րդ թաղամասի սրճարաններէն մէկուն մէջ՝ ներկայ գտնուելու համար Ֆրանսահայ ուսանողներու միութեան (ՖՀՈՄ-UEAF) հիմնադրութիւնը ազդարարող ձեռնարկին: Առեւտրական իրաւաբանութեան Ա. աստիճանի մագիստրոսութեան ուսանող Արեգ Պէրպէրեան եւ կիրառական ուսողութեան ուսանող Սեւան Աւատիքօղլու ներկայացուցին նորաստեղծ միութեան նպատակները:
ՖՀՈՄը հիմնադրուած է Փետրուար 2020ին, մեկնելով այն հաստատումէն, որ հայկական ընկերակցութիւններու միջավայրին մէջ բացակայ է ուսանողներու եւ բարձրագոյն ուսմանց հարցերով զբաղող կառոյց մը: Քանի մը ընկերներու յանձնառու ջանքերով կարելի եղած է հիմնել այս միութիւնը, որ պիտի ունենայ գլխաւոր երեք նպատակակէտեր.
– Ուղեկցիլ ուսանողներուն՝ բարձրագոյն ուսման ընթացքին եւ ասպարէզ մուտքի առաջին քայլերուն.
– Քաջալերել հայերէնի առաւելագոյնս գործածութիւնը.
– Խթանել գիտական եւ մշակութային կեանքը:
Այս նպատակները իրագործելու համար պիտի ձեռնարկուին շօշափելի միջոցներու: Առաջինը՝ ուսանողներու միջեւ կապի հաստատումն է: Անորմով հետապնդուած նպատակն է՝ նուազ փորձառու, կողմնորոշումի կարիքը ունեցող ուսանողները կապի մէջ դնել աւելի փորձառուներու հետ, որոնք պիտի օգնեն ու պիտի տան անհրաժեշտ ցուցմունքները:
Միութիւնը կը նախատեսէ նաեւ առաջին փուլին կազմակերպել առցանց ժողովներ, ուր ուսանողները պիտի կարենան յղել իրենց հարցումները: Ապագային կը ծրագրուի առցանցէն անցնիլ ֆիզիքականին, այլ կառոյցներու հետ գործակցութեամբ:
Շօշափելի երկրորդ միջոցը կը կայանայ վարժընթաց (stage) եւ աշխատանք առաջարկելուն մէջ: Միութիւնը կը նախատեսէ գործընկերութիւններ հաստատել արհեստավարժներու հետ, որոնց առաջարկած վարժընթացները եւ աշխատանքները պիտի ծանուցուին ՖՀՈՄի կայքին վրայ:
Իսկ երրորդ միջոցը կը վերաբերի հայերէնին: Հայերէնի գործածութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ ՖՀՈՄի ծրագիրներուն մէջ, որովհետեւ միութիւնը կը հաստատէ, որ հայերէնը տեղատուութիւն կ՛արձանագրէ յատկապէս նոր սերունդին մէջ: Ուստի, ՖՀՈՄը իր անդամները եւ համակիրները կը քաջալերէ առաւելագոյնս հայերէնը գործածելու, զիրենք հետաքրքրող նիւթերու մասին հայերէն գրութիւններ գրելու եւ հրատարակելու միութեան կայքին վրայ:
Վերջին միջոցը կը վերաբերի դասախօսութիւններու կազմակերպութեան, բոլոր նիւթերու մասին, առանց սահմանափակուելու հայկական աշխարհով: Արդէն ընթացքի մէջ է ծրագիր մը. կը նախատեսուի գալ ամիս, Ապրիլին Սորպոնի մէջ կազմակերպել Հայաստանի եւ Եթովպիոյ յարաբերութիւններուն նուիրուած դասախօսութիւն մը՝ գործակցութեամբ ափրիկեան ընկերակցութեան մը: Այս քայլը ցոյց կու տայ նաեւ ՖՀՈՄի՝ այլ մշակոյթներու եւս բացուելու կամքը:
Նախքան աւարտելը՝ նշենք, թէ ճիշդ է, որ միութիւնը հիմնուած է հայերու կողմէ, նպատակ ունենալով ի մի բերել հայ ուսանողները, սակայն կարեւոր է նշել, որ անխտիր բոլոր ուսանողները կրնան օգտուիլ ՖՀՈՄի նախաձեռնած միջոցներէն, որովհետեւ միւս մշակոյթներուն եւ համայնքներուն եւս բացուելու քաղաքականութիւնը առաջնային է ՖՀՈՄի համար, որուն հիմնադիրները չեն փափաքիր, որ իրենց միութիւնը դառնայ համայնաքային կառոյց մը, քաջ գիտակցելով, որ ֆրանսահայերը միշտ շաղկապ մը հանդիսացած են տարբեր մշակոյթներու միջեւ: Այսպէս, ՖՀՈՄը կը փափաքի իր նախաձեռնելիք միջոցներով դառնալ ֆրանսական ազգային մակարդակով իսկական ուսանողական համայնք մը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.ueaf-asso.com կայքը կամ «Ֆէյսպուք»ի www.facebook.com/ueaf.asso/ էջը։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»