ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պի.Պի. Սի.».- Արձագանգելով «Քորոնա» ժահրին պատ-ճառով Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Եւրոպայէն բոլոր ճամբորդութիւնները արգիլելու որոշումին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լէյէն 12 Մարտին կատարուած համատեղ յայտարարութեամբ քննադատեցին այդ ինքնագլուխ քայլը:
«Ժահրը համաշխարհային ճգնաժամ է, որ չի սահմանափակուիր որեւէ ցամաքամասի մէջ եւ անոր դէմ պայքարը կը պահանջէ համագործակցութիւն եւ ոչ թէ միակողմանի գործողութիւններ: Եւրոպական Միութեան համար անընդունելի է, որ ճամբորդութիւնները արգիլող ամերիկեան որոշումը ընդունուած է միակողմանի կերպով եւ առանց խորհրդակցութիւններու: Եւրոպական Միութիւնը խիստ միջոցներու կը դիմէ սահմանափակելու համար ժահրին տարածումը», կը նշուի Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպացի ղեկավարները նաեւ անհիմն կը համարեն Թրամփի այն մեղադրանքները, թէ Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ միջոցներու չէ դիմած կանխելու ժահրին տարածումը:
Յիշեցնենք, որ մինչ Թրամփ համաեւրոպական ճամբորդական եւ ապրանքներու ներածման արգելքի մասին խօսած էր, Սպիտակ տունը աւելի ուշ սրբագրեց, որ արգելքը կը վերաբերի 26 եւրոպական երկիրներու եւ միայն ճամբորդներու։ Նաեւ շեշտուեցաւ, որ արգելքը չի վերաբերիր Եւրոպայէն ժամանող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն եւ Ամերիկայի մէջ մնայուն կեցութեան արտօնութիւն ունեցողներուն։
Հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ հսկողութեան եւրոպական կեդրոնին տուեալներուն համաձայն՝ Եւրոպայի մէջ ժահրով առաւել քան 17,000 վարակուածներ կան (մօտաւորապէս 12,000ը Իտալիոյ մէջ) եւ անկէ մահացած են առնուազն 900 անձեր (827ը Իտալիոյ մէջ):
Միացեալ Նահանգներու մէջ կան առնուզն 1300 վարակուածներ եւ ցարդ արձանագրուած են 38 զոհեր։
Թրամփի որոշումը նաեւ տնտեսական յաւելալ ցնցումներ պատճառեց աշխարհի տարածքին՝ բաժնետոմսերու շուկաներուն մէջ անկումներու առաջնորդելով:
12 Մարտի տուեալներով՝ ժահրով մահացածներուն թիւը աշխարհի տարածքին հասած է 4700ի, իսկ վարակուածներու թիւը՝ 127,000ի: Ժահրով վարակուածներ կան առնուազն 120 երկիրներու մէջ։ 12 Մարտին, Ատրպէյճանի մէջ եւս արձանագրուեցաւ առաջին զոհը։