ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Հայաստանին վերաբերող մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ կը նշուի, որ 2019ին Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ պաշտօնատարներու կողմէ զեղծարարութիւնները հետաքննելու եւ մեղաւորները պատժելու ուղղութեամբ:
Կը նշուի այն հանգամանքը, որ ամբողջ տարուան ընթացքին շարունակուած է 1 Մարտի գործով դատաքննութիւնը, յիշելով անոր գծով առաջադրուած շարք մը մեղադրանքները՝ սահմանադրական կարգի տապալում, զեղծարարութիւններ եւ ձեռք բերուած ապացոյցներու կեղծում:
Նախարարութիւնը կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի մասին Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միաթովիչի հրապարակած զեկոյցին, որուն մէջ կը նշուի, որ «մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու քայլերը պէտք է կատարուին զգոյշ եւ խստօրէն համապատասխանեն օրէնքի գերակայութեան, դատարաններու անկախութեան եւ թափանցիկութեան»:
«4 Յունիսին խորհրդարանը ընդունեց օրէնք՝ Մարտ 2008ին յետընտրական բռնութեան զոհերուն օգնութիւն ցուցաբերելու մասին, իսկ 5 Սեպտեմբերին կառավարութիւնը յատկացուց 720 միլիոն դրամ (1.5 միլիոն տոլար)՝ զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն օգնելու համար», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Հոն անդրադարձ կայ նաեւ զեղծարարութեան դէմ պայքարին եւ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք իշխանութիւնները հետաքննութիւններու սկսած են՝ բացայայտելով համակարգային զեղծարարութիւն՝ աւելցնելով. «Կառավարութիւնը բազմաթիւ քրէական գործեր յարուցեց նախկին պաշտօնատարներու, անոնց հարազատներուն, խորհրդարանականներու եւ որոշ պարագաներու՝ դատական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ անոնց հարազատներուն մասնակցութեամբ: Կառավարութիւնը նման գործեր յարուցուցած է նաեւ խումբ մը ներկայ պաշտօնատարներու նկատմամբ»:
Նախարարութիւնը կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի դատական համակարգի հարցերուն: «Թէեւ օրէնքը կ՛ենթադրէ անկախ դատական համակարգ, դատական համակարգը հիմնականին մէջ անկախութիւն չի ցուցաբերեր: 2018ին տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք եւս դատական համակարգին նկատմամբ հասարակութեան անվստահութեան մակարդակը բարձր կը մնայ», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
1980ականներու վերջաւորութեան եւ 90ականներու սկիզբը Ատրպէյճանէն գաղթած անձերուն հարցով կը նշուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է անոնց ապաստան տալու: Գրուած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 1.5 միլիառ դրամ յատկացուցած է 112 գաղթական ընտանիքներու բնակարան յատկացնելու համար:
Ամերիկեան կառավարութիւնը հասկանում է եւ գնահատում Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը, իսկ հայ կոչուող որոշ մարդիկ՝ ոչ։
Հետաքրքիր է գիտնալ թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի՞նչ կարծիք ունի Հայաստանի մէջ հաւու գինին թանկացման մասին եւս…:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարդալ «Ազդակ» օրաթերթի մէջ.- http://www.aztagdaily.com/archives/468389