ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զբօսաշրջութեան ոլորտի մասնագէտներու կարծիքին հիման վրայ՝ «Ֆորպզ»ը պատրաստած է ցանկը աշխարհի 17 ամէնէն գեղեցիկ քաղաքներուն, ուր կարելի է այցելել գարնան:
Ի թիւս այլ քաղաքներու, ցանկին վրայ ընդգրկուած է նաեւ Գիւմրին՝ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը:
«Գերմանիայէն եւ Յունաստանէն դէպի Գիւմրի խնայողական օդանաւային ընկերութիւններուն՝ (budget airline) նոր թռիչքներու սկսիլը Հայաստանի երկրորդ քաղաքը, վերջապէս, զայն ուշադրութեան պիտի արժանացնէ եւ անիկա այլեւս պիտի չզուգորդուի միայն 1988ի Սպիտակի երկրաշարժին հետ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Գիւմրին յայտնի է իր գոյներով ու մշակութային հաստատութիւններով, համեղ ուտելիքներով, նաեւ շատ զուարթամիտ գիւմրեցիներով:
«Ֆորպզ»ի ցանկին վրայ ընդգրկուած են նաեւ Լոնտոնը, Վենքուվըրը, Թիֆլիսը, Մարոքը եւ Իսլանտան: