ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Սերպիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 11 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հետ:
Սերպիոյ նախագահը ողջունեց Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պելկրատի մէջ եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ հայ-սերպիական յարաբերութիւններուն:
Ազգային ժողովի նախագահը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ յայտնեց, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցելութիւնները պիտի օժանդակեն կողմերուն միջեւ չօգտագործուած ներուժի բացայայտման ու կենսագործման եւ շեշտեց, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական ու մշակութային խոր կապեր: Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ վիզաներու չեղարկման փաստը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ անիկա նոր խթան պիտի հանդիսանայ զբօսաշրջութեան փոխայցելութիւններու համար:
Օրէնսդիր մարմինին ղեկավարը յատկապէս կարեւոր նկատեց նաեւ երկու երկիրներուն խորհրդարաններուն դերը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ՝ թէ բարեկամական խումբերու եւ յանձնաժողովներու, թէ՛ միջազգային խորհրդարանական ձեւաչափերու մակարդակներուն վրայ:
Կողմերը տեղեկատուութիւն փոխանակեցին երկու տարածաշրջաններուն իրավիճակին վերաբերեալ:
Անդրադառնալով Արցախի հիմնահարցին՝ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ այնտեղ ապրող հայ բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան միակ երաշխիքը ինքնորոշման իրաւունքն է: Ան վերահաստատեց, որ հայկական կողմը հարցի լուծումը կը տեսնէ միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղէ՝ սատարելու այս ձեւաչափին ու որդեգրուած սկզբունքներուն: