ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 11 Մարտին, Սպիտակի մէջ տեղի ունեցաւ 2011ին, Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի մօտ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատա, Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան եւ Լոռիի մարզպետ Անտրէյ Ղուկասեան
Յարգանքի տուրքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ զոհուածներուն իբրեւ յարգանք տեղադրուած խաչքարին մօտ, որ կանգնեցուած էր 2012ին՝ ի նշան ճափոնցիներուն նկատմամբ մարդասիրութեան եւ գնահատանքի:
«Ճապոնացիների պատուին տեղադրուած խաչքարը մի սրբավայր դարձած պուրակում է, որտեղ կոթողներ են կառուցուած Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածների եւ Ապրիլեան պատերազմի զոհերի յիշատակին», յայտնեց Ֆելիքս Ցոլակեան՝ շեշտելով, որ հայերս ճակատագիրի եւ հաւատամքի բերումով շատ զգայուն կը վերաբերինք ուրիշին ցաւին նկատմամբ եւ պատրաստ են առաւելագոյնը ընել սփոփելու համար տառապողը։
Լոռիի մարզպետը, յիշատակելով Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը՝ շատ բնական համարեց, որ խաչքարը տեղադրուած ըլլայ Սպիտակի մէջ: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի կառավարութեան եւ դեսպանին՝ Լոռիի մարզին ցուցաբերած զգալի օժանդակութեան համար:
Ճափոնի դեսպանը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, Հայաստանի կառավարութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ 2011ի երկրաշարժէն ետք Ճափոնի ժողովուրդին բազմակողմանի եւ անգնահատելի աջակցութիւն ցուցաբերելնուն համար: Նոյն ժամանակ, կարեկցանք յայտնելով 1988ի Սպիտակի զոհերուն յիշատակին: