ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեկլարեան 11 Մարտին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի եւ Դաշնակցութեան ընտրացուցակով պատգամաւորութեան թեկնածուներ՝ Վահրամ Բալայեանի, Լեռնիկ Յովհաննիսեանի եւ Արմինէ Յարութիւնեանի հետ:
Իր խօսքին մէջ Արտակ Բեկլարեան նշեց, որ շարունակական հանդիպումներուն նպատակը՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ, ընտրութիւններուն ընթացքին կուսակցութիւններուն եւ թեկնածուներուն նկատած հարցերուն եւ առաջարկներուն ծանօթանալն է: Ա. Բեկլարեան ներկայացուց Մարդու իրաւունքերու պաշտպանի գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու այն շրջանակը, որմով Պաշտպանի աշխատակազմը ներկայիս ընտրական գործընթացի ամէնօրեայ մշտադիտարկում կը կատարէ:
Նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ քարոզարշաւը կ՛ընթանայ օրէնքին համապատասխան. ժամանակ առ ժամանակ՝ յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ կը նկատուի որոշ լարուածութիւն, որ անխուսափելի է:
Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ մնայուն կապի պահպանման եւ փոխհամագործակցութեան վերաբերեալ: