ՊԱՔՈՒ, Armenia.Az.- Պատասխանելով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման իրավիճակին եւ տագնապին կարգաւորման գործընթացին մէջ մօտիկ ապագային որեւէ յստակ քայլերու վերաբերող հարցումին՝ ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ 10 Մարտին յայտարարեց, որ իրավիճակը բարդ է՝ աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումէն ետք ակնկալութիւններուն, առայժմ կը դժուարանամ կարծիք յայտնելէ: Հարցը բարդ է, բազմաբնոյթ եւ անով կը զբաղին տարածաշրջան այցելող Մինսկի խմբակի համանախագահներու եռեակը եւ այդ մասին կը տեղեկացնեն գործող նախագահութեան: Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային համանախագահները Վիեննա ժամանեն՝ Մինսկի խմբակին մասնակցողներուն տեղեկութիւններ փոխանցելու համար: Իրավիճակը դիւրին չէ: Բայց առնուազն մեծ նահանջներ չեն արձանագրուիր եւ զինուած գործողութիւնները կանխուած են: Իմ կարծիքով, հակամարտող կողմերուն միջեւ բանավէճը որոշ չափով կորսնցուցած է իր սրութիւնը, ինչ որ կրնայ նպաստել կողմերուն, որ սկսին պայմաններ ստեղծել քաղաքական կարգաւորման շուրջ լուրջ քննարկումներու»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Who ever started this complication can restore back if wanted.