ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին (SIPRI) կողմէ 9 Մարտին հրատարակուած եւ զէնքի համաշխարհային առեւտուրին վերաբերող տարեկան զեկոյցին մէջ կը շեշտուի, որ վերջին հինգ տարիներուն (2015-2019), Հայաստան 415 տոկոսով աւելացուցած է զէնքերու եւ զինամթերքի ներածումները, նախորդ հնգամեակին (2010–2014) հետ համեմատած:
Հեղինակաւոր այս կառոյցին տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստանի ռազմական ներածումներուն առիւծի բաժինը՝ 94 տոկոսը, Ռուսիայէն կատարուած է:
Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն՝ նախորդ հինգ տարիներուն, Ատրպէյճան շուրջ 40 տոկոսով նուազեցուցած է իր ռազմական ներածումները՝ նախորդ հնգամեակին հետ համեմատած: Սակայն, այդ կրճատումով իսկ, 2015-19ին Ատրպէյճան զէնքեր գնելու ծաւալներով գերազանցած է Հայաստանը, առաւել քան երեք անգամով։ Ատրպէյճան իր զինատեսակներուն 60 տոկոսը ներածած է Իսրայէլէն, իսկ 31 տոկոսը՝ Ռուսիայէն:
Յիշեցնելով 2016ի Քառօրեայ պատերազմը՝ զեկոյցը կը նշէ, որ հիմա երկու երկրներն ալ կ՛ընդարձակեն իրենց ռազմական կարողութիւնները՝ ձեռք բերելով նաեւ հրթիռներ, որոնք կրնան հարուածել շատ աւելի մեծ հեռաւորութեամբ թիրախներ հակառակորդին տարածքէն ներս:
Թուրքիա, որ 90ականներուն զէնքի ներածման ծաւալով երրորդն էր աշխարհի տարածքին, վերջին հնգամեակին մօտաւորապէս երկու անգամով կրճատած է գնումները եւ այժմ կը գրաւէ 15րդ դիրքը: Ըստ փորձագէտներուն՝ ներածումներուն նուազումը կապ ունի յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն վատթարացումն է, նկատի ունենալով, որ այդ երկիրները Թուրքիոյ զէնքերու գլխաւոր մատակարարներն են:
Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մնալ աշխարհի առաջատար զէնք վաճառողը։
Ռուսական զէնքերու վաճառքը միջազգային շուկային մէջ 2014-19ին կրճատուած է մօտաւորապէս 20 տոկոսով, որովհետեւ Հնդկաստան, որ ժամանակին ռուսական զէնքի մեծագոյն ներածողներէն էր, վերջին տարիներուն կրճատած է իր գնումները: