ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին ուղղութեամբ, 10 Մարտին, կէսօրէն ետք ժամը շուրջ 3:30ին թշնամիին կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու գնդակ ստացաւ պայմանագրային զինուորական ծառայող, շարքային Զօհրապ Գրիգորիի Սիանոսեան (1984ի ծնունդ, Արարատի զ/կ):
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ դէպքին հանգամանքները յայտնաբերելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն: