ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան (ՀՖՖ) մամլոյ ծառայութիւնը 10 Մարտին հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին նշանակուած է սպանական «Սեւիա» ակումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ, 64ամեայ սպանացի Խոաքին Քափարոս։ Անոր պայմանագիրը կ՛երկարի մինչեւ 30 Նոյեմբեր 2021:
Քափարոս մարզած է նաեւ սպանական «Աթլեթիք Պիլպաօ»ն, «Վիարէալ»ը, «Տեփորթիվօ»ն, «Լեւանթէ»ն, «Կրանատա»ն եւ «Օսասունա»ն։ Ան կը հանդիսանայ «Սեւիա» ակումբին հետ ամէնէն շատ մրցումեր ղեկավարած մարզիչը, որուն համար ան անցեալ տարի Սեւիա նահանգի իշխանութիւններուն կողմէ պարգեւատրուած էր նահանգնին Ոսկեայ շքանշանով։
Հայաստանի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը թափուր էր 12 Փետրուարէն ի վեր, երբ ՀՖՖն խզած էր նախորդ մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի պայմանագիրը:
Այս ամիս, ազգային խումբը երկու բարեկամական մրցումներ պիտի ունենայ Իւզպեքիստանի (26 Մարտ) եւ Ղազախստանի (30 Մարտի) հետ: