ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան եւ պատգամաւորի թեկնածուներ Վահրամ Բալաեան եւ Արմինէ Յարութիւնեան 5 Մարտին նախընտրական հանդիպումներ ունեցան Զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակի թանգարանին, Անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան եւ «Արցախէներկօ» ընկերութեան մէջ:
Հանդիպումներուն ընթացքին, ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուները ներկայացուցին Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին դրոյթները, խօսեցան անոնց իրականացման իրենց պատկերացումներուն մասին եւ պատասխանեցին քաղաքացիներու շարք մը հարցերուն: