ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատայի խորհրդարանին մէջ պատգամաւորները Պաքուի եւ Սումգայիթի ջարդերը դատապարտող յայտարարութիւններ կատարեցին: Խորհրդարանին անդամները նշեցին, որ Գանատայի ամբողջ հայութիւնը այս օրերուն յարգանքի տուրք կը մատուցէ Պաքուի եւ Սումգայիթի մէջ ոճրագործութեան զոհ դարձած հազարաւոր հայերու յիշատակին:
Գանատայի Համայնքներու պալատի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Էմանուելա Լամպրոփուլոս նշեց, որ Պաքուի եւ Սումգայիթի տարելիցները զիրենք կը ստիպէ խօսիլ այդ թեմային մասին, որովհետեւ իրենք կ՛ապրին երկրի մը մէջ, ուր տարբեր ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններ կրնան մասնակցիլ երկրի քաղաքականութեան:
«30 տարի առաջ, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցան հայերու ջարդերը: 7 օրուան ընթացքին հարիւրաւոր հայեր ենթարկուեցան բռնութիւններու, սպաննուեցան եւ արտաքսուեցան քաղաքէն: Այդ յանցագործութիւններով երկրին մէջ աւարտին հասան հայերուն նկատմամբ սկսած ցեղային զտումները: Շուրջ 500 հազար հայեր տեղահան եղան ու ցրուեցան աշխարհի տարածքին, նաեւ՝ Գանատա: Հայերու կոտորածներ կատարուեցան նաեւ Սումգայիթի մէջ, ինչ որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը», նշեց Լամպրոփուլոս:
Երեսփոխան Պոպ Սարոյա Գանատայի խորհրդարանէն պահանջեց շարունակել հաւատարիմ մնալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխման յանձնառութեան: «Ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման պահանջին՝ ատրպէյճանական իշխանութիւնները կազմակերպեցին հայ բնակչութեան կոտորածներ ու ցեղային մաքրագործումներ Սումգայիթի եւ մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Այս ջարդերը Ատրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ քսենոֆոփիայի, ատելութեան եւ խտրականութեան վկայութիւն են, որ, ցաւօք, կը շարունակուի», յայտնեց ան:
Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրի իր խօսքին մէջ Պաքուի ու Սումգայիթի ջարդերը մարդկութեան դէմ նողկալի յանցագործութիւն անուանեց: «Լավալ Լեզ-իլ համայնքին եւ ամբողջ Գանատայի հայերը կը յիշատակեն Պաքուի եւ Սումգայիթի հայերու ցեղասպանութիւնը: Անիկա մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր, որ շատ մարդոց կեանքը խլեց: Այդ ցաւը դեռ թարմ է անկէ վերապրածներուն յիշողութիւններուն մէջ: Այսօր եկէք պահ մը յարգանքի տուրք մատուցենք այս բարբարոսական բռնութենէն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով տուժածներուն: Այս սարսափելի ողբերգութիւնը յիշատակելով՝ մենք կը հասկնանք, թէ որքան բախտաւոր ենք, որ կ՛ապրինք Գանատայի պէս երկրի մը մէջ, ուր մարդու հիմնարար իրաւունքները կը յարգուին, եւ ուր բոլորս ունինք մարդկային նոյն արժէքները՝ հանդուրժողականութիւն, յարգանք եւ արդարութիւն», յայտնեց Խուրի։