ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Կապը զօրքերի ղեկավարութիւնն է: Առանց լաւ կապի չկայ ղեկավարութիւն: Առանձնապէս դժուար է ղեկավարել զօրքերին մարտական պարագայում, որտեղ կապն է, որ յատուկ նշանակութիւն է ստանում: Միանգամայն պարզ է, որ իւրաքանչիւր պետ եւ իւրաքանչիւր շտաբ կարող է ղեկավարել միայն այն դէպքում, երբ նա ունի իր ձեռքում լաւ կարգաւորուած կապ»: Ահա այս պարբերութեամբ կը սկսի 1931ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Յուշատետր Կապի Մասին» գիրքը, որ նախատեսուած էր Կարմիր բանակայիններուն համար: Կասկած չկայ, թէ ձեռատետրին մէջ յիշուած ռազմավարական կապը ճակատամարտի ատեն կեանքի եւ մահուան սահմանագիծ է: Եթէ այսքան կարեւոր է «կապ»ը, այսօր, յարգելի ընթերցող, զրուցենք այդ միավանկին մասին եւ տեսնենք, թէ անիկա ի՛նչ հանգոյցներ կազմած է հայկական Ոսկեդարը ժամանակակից գրականութեան միացնող կապին վրայ:
19րդ դարու բառարան մը այսպէս կը խօսի «կապ» գոյականին մասին. «Ինչ մի զուգիչ, զօդիչ, պնդիչ իրի ընդ իրի, իրօք կամ նմանութեամբ. որպէս պարան, լար, շղթայ. աղխ. շաղկապ. յօդ. եւ Սէր. Երդումն. եւ Արգելք ազատութեան. Կապումն»: Բառս ամրապէս կապուած է հնագոյն ժամանակներուն: Ստուգաբանական բառարանները կը մատնանշեն բնիկ հնդեւրոպական «կապ» կամ «կափ» արմատները, որոնք կը նշանակեն «բռնել, վերցնել»:
Մեր հնագոյն մատենագրութեան մէջ երեւելի են բազմաթիւ «կապ»եր, ինչպէս «Լո՛յծ զկապ պարանոցի քոյ», «Իբրեւ որթք արձակեալք ՛ի կապոյ», «Զամենայն ուխտ եւ զամենայն երդումն կապոյ»: Դաւիթ Անյաղթ իմաստասէրը, որ սերտ կապեր ունէր Բիւզանդիոնի եւ նոր-պղատոնականութեան հետ, մեզի տուաւ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Տաժանաբար լուծանէի զյօգնաթախանձ կապ կենցաղոյս»: Ագաթանգեղոսը երբ կը յիշէր մեր հին զոհարաններուն շքեղութիւնը եւ ազնուութիւնը, բացատրեց, թէ անոնք ունէին արծաթեայ եւ ոսկեայ սպասներ, նշանակապ եւ պալարակապ մետաքսեղէն:
11րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին էր, որ անքակտելի կապեր կնքեց այդ համեստ միավանկին եւ իր միտքերուն միջեւ: «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքին մէջ բարձրացող հառաչանքները սուրբին անտեսանելի կապն էին Վերինին հետ: Նարեկացիին կը պարտինք քնարական բազմաթիւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Մի խզեր զկապ միութեան», «Բոց գեհենին ինձ բորբոքեցաւ, ծառայութեանն լուծ սաստկացաւ, ստրկութեանն կապ զօրացաւ», «Հալին մեղք, հալածին դեւք, ջնջին յանցանք, խզին կապանք»: Նարեկացին ունի նաեւ պատկերալից բառակապակցութիւններ-կապ՝ մեղքերու, մահուան, կանոնի…
Մէկ այլ սուրբ՝ Ներսէս Շնորհալին, մեզի բացատրեց, թէ ո՛վ կրնար մահուան չար կապը լուծել. «Ադամայն կապ մահու լուծեալ ձայնիւ Հզօրին / Կոչողին հրաման լուծանէր զնա ի կապից»: Յովհաննէս Երզնկացի տաղասացը հարց տուաւ. «Խելօքին հարցուկս եղան, թէ զպատճառն ո՞վ իսկի գիտէ, / Աստուած է՞ր հոգի ստեղծել եւ ի հողոյ ի մարմին կապել է»:
Միջնադարեան մէկ այլ տաղասաց՝ Անդրէաս Արծկեցին, որ Վանայ ծովուն վրայ, Նարեկայ վանքին դիմացի ափին վրայ կ՛ապրէր, աշխարհիկ տրամադրութեամբ նկարագրեց գարնան կապը ուրախ կեանքին հետ. «Ահա եղեւ այլւի գարուն, / Վերացաւ փութով սաստիկ ձուն… / Երեւելով փոքրիկ հաւին / Եկեալ նստաւ յոստս ծառին, / Արձակեցաւ կապ լեզուոյ, / յորժամ ետես զկոկոն վարդին»:
«Կապ» բառը, հակառակ անոր, որ կաշկանդումի իմաստ մըն ալ ունի, իր հետ հիւսուած դարձուածքներուն շնորհիւ, մեր միտքերը պերճօրէն արտայայտելու ազատութիւն մը տուաւ մեզի: Անոնցմէ մէկը, որ ունի «ամուսնացնել» իմաստը, գեղեցկագոյն գործածութիւնը գտաւ Ռուբէն Սեւակի տողերուն մէջ. «Հոն սիրուն նշանած կայ, տանիմ գլուխը կապեմ, թոռնիկներու մեծ-հայր ըլլամ»: Յիշենք, թէ բանաստեղծ բժիշկը ինք ի՛ր գլուխը կապած էր նախ հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարին, ապա 1910ին, Լօզանի օրիորդաց վարժարանի սան, գերմանուհի Հելեն ֆօն Պրաամի հետ:
Այսօր մեր լեզուն «կապ»ով կրնայ նկարագրել երկրին եւ անոր բնակիչներուն կեանքը: Յիշենք քանի մը դրուագներ. խզուած կապ անբարեացակամ երկիրներու հետ, սերտ կապեր՝ այլ երկիրներու հետ, մենք շինած ենք թաղակապ տանիքներ, կամարակապ սիւնաշարեր եւ կամուրջներ, ստեղծեր ենք ամուսնական կապեր եւ սիրոյ ջերմ կապեր: Առաւելաբար, կը վայելենք յաւերժօրէն սառ կապած գագաթի մը պատկերը: Մեր բառով կը կապուին ծրարը, թոշակը եւ պսակը: Դժբախտաբար ունեցեր ենք նաեւ ցաւող յօդակապեր, շղթայակապ իշխաններ, մեր ծրագիրները խոչընդոտող ոտնակապեր, անկապ խօսքեր, բերանակապ պատանդներ եւ կապը կտրած օրիորդիկներ: Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ ամէնէն զօրաւոր կապը հաստատուած է 1964ին, Երեւանի մէջ, երբ գործելու սկսած էր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն, նախապէս՝ Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութիւն: Երբ նախադասութիւններ իրարու հետ կապելու պէտքը զգացուեցաւ՝ գործածեցինք շաղկապներու հոյակապ հոյլ մը՝ եւ, ու, բայց, սակայն, իսկ, այլ, կամ, նաեւ, այլեւ, ապա, այսինքն:
Ապա բառը անցաւ բանաստեղծներուն ձեռքը: Դանիէլ Վարուժան «Ճանապարհ Խաչի» քերթուածին մէջ դիմեց Քրիստոսին. «Ապտակուա՛ծ Յիսուս, / Դուն որ ունեցար ձեռքեր կալ ու կապ…/ Գթա՛ ձեռքերուս», իսկ Պարոյր Սեւակ ընդվզեցաւ իր սիրածին. «Ինչպէս կոչել՝ չգիտեմ, բայց սա ինչ-որ մի կապ չի՝ / Այս քո աշունը շռայլ ու ջերմութիւնն իմ գարնան»: Նոյն բանաստեղծն էր, որ նկատեց, թէ բառերը կրնան բոլորովին անհաղորդ ըլլալ իրարու հետ եւ այս՝ վերջակէտն է խօսքին ու սիրոյ. «Եւ ա՛յն հասկացայ, / Որ դրամի պէս / Մաշուել են արդէն բառերը բոլոր. / Հասկացայ նաեւ, / Որ մինչեւ անգամ լաւ է աւելի / Բառերն իրար հետ կապ իսկ չունենան»:
Դուք կ՛ուզէ՞ք լսել մեր գրականութեան ամէնէն կրքոտ «կապ»ը: Այսօր հրաժեշտ տանք Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ու գրական հերոս Մարիամ իշխանուհիին խօսքերով, ուղղուած՝ Յովհաննէս վանահօր. «Մի՛ խօսիր այդպէս, մեր սրտերուն այդ կապը, մեր այդ ամբողջ սէրը եղեր է սուրբ, ջերմ ու ազնիւ, ինչպէս ջերմեռանդ աղօթքի մը մրմունջը, ինչպէս ընտիր կնդրուկի բոյրը, որ դէպի երկինք կը մխայ»:
Դուք, յարգելի ընթերցող, յաւերժապէս կապուած մնացէք մեր բառերուն, գիր ու գրականութեան հետ: Մեր համեստ միավանկը հաստատեց, թէ այդ կապին մէջ է շքեղը եւ ազնիւը: